ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Բացառիկ արժէքաւոր ստեղծագործութիւններու համար, հիմնուած են Հայաստանի հանրապետութեան պետական նոր մրցանակներ՝ գրականութեան եւ արուեստի հետեւեալ ոլորտներուն մէջ.
ա) Գրականութեան եւ հրապարակախօսութեան,
բ) Երաժշտութեան,
գ) Կերպարուեստի,
դ) Թատերական արուեստի եւ ֆիլմարուեստի.
Իսկ ճարտարապետութեան եւ քաղաքաշինութեան մէջ (ինքնատիպ նախագիծով եւ աւարտուած շինութեան կամ համալիրին համար)՝ մէկական մրցանակ, կը տեղեկացնեն Հայաստանի հանրապետութեան նախագահի 2002ի Օգոստոս 22ի «Գրականութեան եւ արուեստի բնագաւառի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան պետական մրցանակներ հիմնելու եւ շնորհելու կարգի մասին» Նհ-1164-ն հրամանագրի համաձայն, հայրենական գրականութեան եւ արուեստի լաւագոյն ստեղծագործութիւնները պետականօրէն գնահատելու եւ յիշեալ բնագաւառի ստեղծագործողները խրախուսելու նպատակով ստեղծուած գրականութեան եւ արուեստի բնագաւառին մէջ Հայաստանի հանրապետութեան պետական մրցանակներ շնորհող հինգ յանձնախումբերը։
Իբրեւ մրցանակ կը շնորհուին դափնեկիրի վկայագիր, կրծքանշան եւ դրամական պարգեւ՝ 2,500,000 (երկու միլիոն հինգ հարիւր հազար) դրամի չափով: