Սկաուտներու դաստիարակչական ծրագրին ամբողջացման եւ անոնց վրայ քննութեանց համար ամէն տարի կազմակերպուող ՀՄԸՄի Լոս Անճելըս մասնաճիւղին դաստիարակչական բանակումը այս տարի տեղի ունեցաւ Մայիս 1-3 շաբաթավերջին, «Մէլիպու Քրիք» բանակավայրին մէջ:
Բանակավայրին իրենց մասնակցութիւնը բերին 81 սկաուտներ, որոնք առիթը ունեցան ամբողջացնելու իրենց դաստիարակչականները եւ քննութիւններ տուին:
Դաստիարակչականներուն կողքին, սկաուտները մասնակցեցան քայլարշաւներու եւ խաղերու, ինչպէս նաեւ ձեռային աշխատանքներ կատարեցին:
Սկաուտները նաեւ ստանձնեցին բանակավայրին ապահովութիւնը երաշխաւորելու պաշտօնը՝ հերթաբար պահակութիւն կատարելով, իսկ Շաբաթ երեկոյեան տեղի ունեցաւ աւանդական խարոյկահանդէսը՝ հաճելի ու անմոռանալի պահեր ստեղծելով բոլորին համար:
Բանակումին ընթացքին ծնողական օժանդակ մարմինը պատրաստեց բոլոր սկաուտներուն ճաշերը: