ՀՄԸՄի Լոս Անճելըսի Մասնաճիւղին Անդամարշաւը «Փիլիպոս»ի Մէջ
ՀՄԸՄի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղէն եօթը խմբապետներ այցելեցին «Ալէք Փիլիպոս» ազգային վարժարանը՝ աշակերտներուն ծանօթացնելու համար ՀՄԸՄի գործունէութիւնը եւ մղելու անոնց, որ անդամակցին կազմակերպութեան:
Երեք տարբեր ներկայացումներու ընթացքին, քոյրեր Նաթալի Հինտոյեան եւ Վանէսա Անսուրեան նախ երկրորդ դասարանի աշակերտներուն եւ ապա յաջորդաբար 3-5րդ դասարաններուն եւ 6-7 դասարաններուն ներկայացուցին սահիկներու ցուցադրութիւն մը՝ լուսանկարներով լեցուն պաստառներ, եռոտանի աշտարակներ, լապետերներ ու սկաուտական այլ գործիքներ, ապա խօսեցան սկաուտական եւ այլ գործունէութեանց մասին:
Յատկանշական է, որ արդէն իսկ Կիրակի, Մայիս 17ին տեղի ունեցած ՀՄԸՄի Լոս Անճելըս մասնաճիւղի շաբաթական հանդիպումին ընթացքին խումբ մը «Փիլիպոս»ի աշակերտներ անդամակցեցան ՀՄԸՄի:
ՀՄԸՄի Լոս Անճելըս մասնաճիւղին անդամակցիլ փափաքողները կրնան անձամբ այցելել Ռոզ Եւ Ալէք Փիլիպոս ազգային վարժարանը (1615 N. Alexandria Ave., Los Angeles, CA 90027-5207), որուն շրջափակէն ներս կը հանդիպին սկաուտները ամէն Կիրակի, կ.ա. ժամը 10էն մինչեւ կ.ե. ժամը 1:
ՀՄԸՄի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղին գործունէութեան կամ անդամակցութեան պայմաններուն մասին յաւելեալ մանրամասնութեանց համար հեռաձայնել (323) 663-9381 թիւին: