«Լոս Անճելըս Թայմզ» թերթը վերջերս անդրադարձած է Միացեալ Նահանգներու ճատրակի դաշնակցութեան լաւագոյն ճատրակ խաղացողներու Ապրիլ ամսուան ցուցակին մէջ աչքառու երեւոյթի մը, որն է ութնամեայ Սամուէլ Սեւեանը:
Արդարեւ, ան 2001 կէտ ապահոված էր ցուցակին մէջ եւ կը կարծուի, որ մասնագէտի մակարդակին հասած ամենափոքր խաղացողն է: Ան այդ մակարդակին հասած է Փետրուարին, երբ ութ տարեկան եւ երկու ամսական էր: Նիւ Եորք ծնած եւ ներկայիս Քալիֆորնիոյ Սանթա Քլարա քաղաքը ապրող Սամուէլ իր այս յաջողութիւնը կը պարտի իր հօր՝ Արմէնին, որ բժիշկ է մասնագիտութեամբ:
Սամուէլ ներկայիս կը մարզուի միջազգային ճատրակի վարպետ Անդրանիկ Մաթիկոզեանի կողմէ եւ կը յուսայ մասնակցիլ Նոյեմբերին Թուրքիոյ մէջ կայանալիք աշխարհի երիտասարդական ախոյանութեան, 10 տարեկանէն վար մակարդակին:
Թերահաւատները կարողութիւնը պիտի ունենան Սամուէլի վարպետութիւնը չափելու յառաջիկայ Մայիս 3ին, կէսօրուան ժամը 12էն մինչեւ կ.ե. ժամը 4 կայանալիք ցուցադրութեան մը, երբ ան պիտի մրցի միաժամանակ մրցիլ փափաքող բոլոր խաղացողներուն դէմ: Ձեռնարկը, որ կազմակերպուած է Քուփերթինոյի հանրային վայրերու բաժանմունքին կողմէ, տեղի պիտի ունենայ Քուփերթինոյի «Քուինլըն» համայնքային կեդրոնին մէջ (10185 N. Stelling Road, Cupertino, CA 95014):