Ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս Լեւոն եւ Յասմիկ Թաւլեանի նախադպրոցական ու մանկապարտէզի բաժանմունքները նշեցին Երեխաներու շաբաթը:
Արդարեւ, աշակերտները մասնակցեցան «պազար»ի մը կազմակերպման աշխատանքներուն՝ գծելով ձեռնարկին յատուկ իրենց շապիկներուն եւ գլխարկներուն վրայ եւ պատրաստելով Հինգշաբթի, Ապրիլ 30ին, ծախուելիք ուտեստեղէններ եւ խմիչքներ:
Անոնք իրենց «արտադրութիւնները» ծախեցին զիրենք տուն տանելու համար ժամանած ծնողներուն՝ մեծ խանդավառութիւն ստեղծելով երկուստէք: