ՊՕՂՈՍ ԳՈՒԲԵԼԵԱՆ
Գրական կեանքիս մեծագոյն հաճոյքներէն մէկը եղած է երիտասարդ ու խոստմնալից նոր տաղանդներ յայտնաբերելով՝ անոնց մասին սրտաբուխ, քաջալերական քանի մը խօսքեր գրելը։
Ըսուած է, որ կեանքի մէջ ամէնէն դիւրին եւ ամէնէն դժուար բանը մարդ գնահատելն է. բան մը, որ կախուած է մարդուս նկարագրէն։ Կը ճանչնամ գրողներ, որոնք հոգեպէս կը տանջուին, կը մեռնի՛ն, երբ ստիպուած ըլլան մէկու մը մասին դրականօրէն արտայայտուելու։ Կարծես շատ դժուար բան ըլլար գրողի մը կամ արուեստագէտի մը մէկ գործը կամ ելոյթը քանի մը տողերով գնահատելը…
Արէն Սուլահեանի պարագային, սակայն, ամէնէն դժուարահաճ ու գծուծ քննադատը պիտի զինաթափուէր՝ զինք բեմին վրայ տեսնելով։ Արդարեւ, Լոս Անճելըսի մասնաւորապէս երիտասարդ տարիքի թատերասէրներուն համար, օտար անուն մը չէ տաղանդաւոր այս դերասանը, եւ ես յաւակնութիւնը չունիմ բոլորովին անծանօթ մէկը հայ համայնքին ուշադրութեան յանձնելու։
Մտքերու մէջ շփոթ չստեղծելու համար, աս ալ ըսեմ, որ Սուլահեաններուն հետ մենք խնամիական կապեր ունինք։ Արէնին մեծ հայրը, հրատարակութեան մէջ գտնուող վերջին հատորիս հերոսներէն մէկն է եւ իմ ազիզ քենեկալս, ողն ու ծուծով վաճառական է ու՝ այնթապցի։ Անիկա շատ չգնահատեց իմ յանդգնութիւնս, երբ այնթապցիներու փակ ամրոցը գրոհելով՝ «փերուշան» սա մարաշցիին վիճակուեցաւ հոն զէնք ու զրահով պահուած գեղուհին խլել։ Հետագային, սակայն, քենեկալիս հետ լաւ ընկերներ դարձանք… Ատիկա արդէն ուրիշ պատմութիւն է։
Վստահ եմ, որ հանգուցեալ քենեկալս, անդի աշխարհէն, աչքերուն պիտի չհաւատար՝ 19 տարու թոռնիկը Կլէնտէյլ քոլէճի թատերասրահի բեմին վրայ տեսնելով, ան ալ միմոս ու մունջ թագաւորի մը գլխաւոր դերին մէջ…
Արդարեւ, քենեկալիս համար վաճառականութենէն աւելի վեհ ասպարէզ չկար։ Գրողն ու արուեստագէտը իրեն համար վրիպածներ էին։ Վաճառականութիւնը այնթապցիներուն արեան մէջն էր։ Նոյնիսկ անիկա կրնար մատնանշել այնթապցի հոգեւորականներ, որոնք զարդարուած էին գործարարի շնորհներով…
Սակայն անոր չար բախտէն, Արէնը վաճառականութեան սէր ու շնորհ չունէր։ Ան, ի հեճուկս այնթապցի մեծհօր, սկսաւ դերասանական շնոհներ ցոյց տալու ու փայլելու «Հուվըր Հայ Սքուլ»ի թատերաբեմերէն։ Տեղական անգլիատար թերթերը եւ անոր դասատուները սկսան հրապարակով գովաբանելու պատանիին իւրայատուկ տաղանդը։ Թատերական իր առաջին ներկայացման, Լիբանանէն տակաւին վեց ամիս առաջ ժամանած պատանի դերասանը «Սատըրն էքսէնդով» խաղաց իրեն վստահուած դերը՝ ափ ի բերան թողնելով հայ եւ օտար թատերասէրներն եւ ուսուցչական կազմը։
Ճիշդ է, թէ Արէնը Ամերիկա ծնած է, սակայն շորիկներու մէջ էր տակաւին, երբ ծնողքին հետ Լիբանան վերադարձաւ։ Հոն «Հռիփսիմեանց» վարժարանը յաճախեց եւ 2006ի ամառը, Լիբանանեան վերջին պատերազմէն փախուստ տալով՝ ուսումը շարունակելու նպատակով Կլէնտէյլ հաստատուեցաւ։ Տարի մը չանցած, նուաճած էր արդէն «Հուվըր Հայ Սքուլ»ի բեմահարթակը, ուր ստանձնեց կարեւոր դերեր, որոնց շարքին՝
ա- Ճօ Սիրզի՝ «Կրէյթըր Թունա»ն
բ- Ճոն Սթէնպըրկի՝ «Կրէյփս աֆ Ռէթ»ը
գ- Տանիէլ Սիւլլիվէնի՝ «Ինսփէքթինկ Գերըլ»ը
դ- Ֆիլիփ Քինկի՝ «Սի Հաու Տէյ Րան»
ե- Հէնս Քրիստիան Անտըրսընի՝ «Ուանս Ըփան Է Մադրէսս»
Հիմա արդէն 19 տարեկան Արէնը, Կլէնտէյլ քոլէճի ուսանող է եւ թատրոնի աստղերէն։ Քոլէճին թատերախումբին կողմէ բեմադրուած վերջին կատակերգութեան մէջ անոր ցուցաբերած արհեստավարժ ու համոզիչ խաղարկութեան համար, ան արժանացաւ շատ կարեւոր մրցանակի մը՝ Եութայի մէջ կայանալիք «Էյ.Սի.Թի.Էֆ.» մրցումներուն ընթացքին ներկայացնելու Կլէնտէյլ քոլէճը։
Տեղական «Կլէնտէյլ Նիուզ Փրէս»ը, իր Մարտ 13ի թիւին մէջ ամբողջ էջ մը նուիրած էր «Ուանս Ըփան Է Մադրէսս» թատերգութեան բեմադրութեան ու գլխաւոր դերերէն մէկը ստանձնած երիտասարդ հայ կատակերգակին՝ մեծ լուսանկարի մը ընկերակցութեամբ։
Քոլէճի թատերախումբին ղեկավարն ու ներկայ թատերգութեան բեմադրիչը՝ տիկին Ռանտըլ, սոյն կատակերգութեան մէջ Սուլահեանի ցուցաբերած բարձրորակ խաղարկութեան ակնարկելով՝ կ՛ըսէ. «Տիրող խանդավառութեան ու ջլատիչ խնդուքին իր ներդրումը բերաւ կլէնտէյլաբնակ Արէն Սուլահեան, որ Սէքսդիմըս թագաւորին դերով հանդէս կու գար։ Թագաւորը անիծուած ու դատապարտուած էր համրութեան։ Ատոր համար ալ Սուլահեան, մինչեւ կատակերգութեան աւարտը, պէտք էր մնջախաղով առաջ տանէր խաղարկութիւնը:
«Անիկա բնական ձիրք մը ունի ֆիզիքական կատակերգութեան։ «Փիէս»ին ամբողջ տեւողութեան, մանկամարդ աղջիկ մը կը հետապնդէր պալատին մէջ, եւ պահ մը յոգնած՝ միմոսէ մը մնջախաղով կը խնդրէր, որ օգնէր իրեն յայտնաբերելու համար աղջիկը։
«Թատերասրահին մէջ ջլատիչ եւ անզուսպ էր խնդուքը, երբ մնջախաղով անիկա միմոսին բացատրութիւն կու տար, թէ ինչպէս պիտի բռնէր աղջիկը։ Եւ ամէնէն զուարճալին, թէ Սուլահեան միայն 19 տարեկան է եւ 60 տարեկանի դերը կը խաղայ այնքա՛ն համոզիչ։ Գահաժառանգը մարմնաւորող դերասանը գուցէ տարիքով իրմէ աւելի մեծ էր…
«Իր խաղացած կերպարին մէջ մտնելու համար, անիկա տարիքոտ մարդոց քալուածքը ուսումնասիրած է։ – Մեծ հօրս շարժումները ընդօրինակեցի,- խոստովանեցաւ ան,- սկիզբը հաճելի փորձառութիւն մըն էր, սակայն հետագային, սկսայ իրական կեանքի մէջ ալ ծերերու պէս քալել եւ միջոցին մէջքս ցաւցուցի»:
Սուլահեան թատերական իր կարճ կեանքին ընթացքին, «Հուվըր»էն ներս հասաւ օգնական բեմադրիչի պաշտօնին։ Արդէն իսկ փորձեր կը կատարէ թատերգութիւններ գրելու։ Գուցէ կանխահաս է զինք աւելորդ գովաբանութեան նիւթ դարձնելը։ Անոր համար, որ ասիկա միայն սկիզբն է խութերով լեցուն թատերական իր ասպարէզին։ Սակայն եւ այնպէս, անոր մօտ դերասանական բնական ձիրքը ակնյայտ է։ Վահէ Պէրպէրեանի եւ Ռաճըր Գուբելեանի նման տաղանդաւոր թատերագիր բեմադրիչներու շուքին տակ ծլարձակելով՝ մեր Արէնները կրնան օր մը Հոլիվուտը նուաճել ու անուն մը ձեռք բերել, ի փառս հայ ժողովուրդին։
Այլ հարց է, թէ փոխարէնը մե՛նք, մեր թատերախումբերուն, շարժանկարի ու թատրոնի նուիրեալներուն, գործնական գետնի վրայ ինչպիսի՛ քաջալերանք ցոյց կու տանք…: