ԿԼԷՆՏԷՅԼ.- Հայ կրթական հիմնարկութիւնը կը տեղեկացնէ, թէ սկսած է ընդունիլ 2009-2010 տարեշրջանի «Ռիչըրտ Թիւֆէնքեան» կրթանպաստներու դիմումնագրերը:
Այս տարի եւս 2000 տոլարի հինգ կրթանպաստներ պիտի տրամադրուին ամերիկեան համալսարաններ յաճախող կարիքաւոր հայ ուսանողներու, որոնք առնուազն 3.0 GPA ապահոված են իրենց նախաաւարտական համալսարանական դասերուն եւ գործօն մասնակցութիւն կը բերեն հայկական համայնքին կեանքին մէջ:
Այս նախապայմանները գոհացնող ուսանողները յաւելեալ տեղեկութեանց ու դիմումնագրին համար կրնան այցելել www.aefweb.org համացանցային կայքը: Ամբողջացած դիմումնագիրները յանձնելու պայմանաժամն է Յուլիս 30, 2009ը:
«Ռիչըրտ Թիւֆէնքեան» կրթանպաստներու հիմնադրամը հաստատուած է Ռալֆ եւ Սավի Թիւֆէնքեաններուն կողմէ, ի յիշատակ իրենց զաւակին: 1991էն ի վեր հիմնադրամը 227,000 տոլարի կրթանպաստներ տրամադրած է:
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար դիմել (818) 242-4154 թիւին (Երեքշաբթի եւ Հինգշաբթի օրերը, կ.ե. ժամը 1-5) կամ aef@aefweb.org հասցէին: