Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի Ֆրեզնոյի մասնաճիւղին ուսանողական թերթին հայկական յաւելուածը՝ «Հայ Շարժում»ը, որ այս տարի կը նշէ իր 30րդ տարեդարձը, իր Մայիսի թիւով կը տեղեկացնէ Ապրիլ 24ին համալսարանէն ներս Հայկական Ցեղասպանութեան ոգեկոչման ձեռնարկներ տեղի ունեցած են այս տարի եւս, կազմակերպութեամբ համալսարանի Հայ ուսանողական միութեան:
Արդարեւ, ուսանողական միութիւնը այդ շաբթուան ընթացքին Ցեղասպանութեան մասին թռուցիկներ բաժնած է համալսարանի ուսանողներուն, իսկ Ապրիլ 24ին օրը տեղի ունեցած ոգեկոչման գլխաւոր ձեռնարկին ընթացքին ելոյթ ունեցած են «Արաքս» պարախումբի անդամները, մինչ «Քէյեան» վարժարանի աշակերտները ելոյթ ունեցած են քանի մը արտասանութիւններով:
Ձեռնարկին գլխաւոր բանախօսն էր համալսարանի հայագիտական բաժանմունքի տնօրէն Պարլօ Տէր Մկրտիչեան:
Նաեւ, Ապրիլ 23ի երեկոյեան, համալսարանին մէջ տեղի ունեցած է «Սքրիմըրզ» ֆիլմին ցուցադրութիւնը:
Համալսարանին թերթը իր Ապրիլ 27ի թիւով անդրադարձած է ոգեկոչման ձեռնարկներուն՝ իր առաջին էջը ամբողջութեամբ յատկացնելով անոնց: