ԱԹԷՆՔ.- Ինչպէս նշած էինք նախապէս, Յունաստանի մէջ լոյս տեսնող «Քաթիմերինի» օրաթերթի անցեալ շաբթուան թիւին մէջ, թերթի խմբագիր Անտոնիս Քարքաեանիսի կողմէ լոյս տեսած էր յօդուած մը, որով խմբագիրը «կ՛արդարացնէր» Ամերիկայի նախագահ Պարաք Օպամայի կատարած ընտրութիւնը՝ Ցեղասպանութիւն բառը չօգտագործելու իմաստով։
Սոյն յօդուածը հակազդեցութեան մեծ աղմուկ ստեղծեց յունահայութեան, ինչպէս նաեւ յունական պոնտական շրջանակներուն մօտ: Նշած էինք, որ այս առթիւ ՀՅԴ Յունաստանի Հայ Դատի նախաձեռնութեամբ բողոքի նամակ մը յղուեցաւ «Քաթիմերինի»ի խմբագրութեան եւ նոյնինքն լրագրողին։
Այս զայրացուցիչ գրութեան իբրեւ հետեւանք, կազմակերպուեցաւ նաեւ նամակարշաւ մը՝ թերթի խմբագրութեան եւ յօդուածագիրին համացանցային բողոքի նամակներու առաքումով:
Ուրբաթ, 8 Մայիսի իր թիւով, «Քաթիմերինի» օրաթերթին մէջ դարձեալ լոյս տեսաւ երկրորդ գրութիւն մը, նոյն լրագրողին ստորագրութեամբ եւ «Ցեղասպանութիւն բառը II» խորագիրով, ուր յօդուածագիրը ներողութիւն կը խնդրէ ընթերցողներէն՝ խոստովանելով, թէ ստացած է բազում բողոքի նամակներ, որոնցմէ մաս մը պիտի հրատարակուի թերթին մէջ: Քարքաեանիս իր նոր գրութեան մէջ «ձախաւեր» կը նկատէ իր մօտեցումը, այսուհանդերձ, սակայն, կը փորձէ պատճառաբանել իր կեցուածքը: Իր գրութեան մէջ դարձեալ կ՛անդրադառնայ Օսմանեան կայսրութենէն ներս ճնշումի միջոց դարձած սպանդներուն եւ բռնաբարութիւններուն, պնդելով, թէ՝ «Ըստ Լենինի խօսքերուն, կայսրութիւնները ազգերու եւ ժողովուրդներու անսահման բանտերն են… Հետեւաբար ջարդերու իրագործումը քաղաքական միջոց մըն է, նոյնինքն կայսրութեան գոյատեւումը ապահովելու համար»: