ՊՐՊԱՆՔ.- Չորեքշաբթի, Մայիս 13, 2009ին պաշտօնապէս զետեղուեցաւ Արեւմտեան թեմի առաջնորդանիստ Մայր տաճարին գլխաւոր գմբէթը:
Այս ուրախ առիթով հրաւիրուած եւ ներկայ էր գլխաւոր գմբէթի բարերարուհի Էլիանոր Տիգրանեանն ու անոր դուստրերը՝ Սինտի Նորեանն ու Լորըլ Գարապեանը: Առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեան ողջունեց անոնց ներկայութիւնը եւ իր ուրախութիւնը յայտնեց, որ տիկին Տիգրանեանի նման բարեգործ հայորդիներու շնորհիւ, Մայր տաճարին աշխատանքները կը շարունակուին կանոնաւոր կերպով:
Ներկայ էին նաեւ Վաչէ արք. Յովսէփեան, Թեմական խորհուրդի ատենապետ իրաւաբան Ժոզէֆ Կանիմեան, Մայր տաճարի Կառուցման յանձնախումբի ատենապետ Արմէն Համբար, եկեղեցականներ եւ խումբ մը հաւատացեալներ:
Ապա առաջնորդին գրասենեակին մէջ տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն: Սրբազան հայրը իր երախտագիտութիւնը յայտնեց տիկին Տիգրանեանին եւ յատկապէս յիշեց իր հանգուցեալ ամուսինը՝ Արշակ Տիգրանեանը:

Ծրագրուած է տաճարին կառուցումը աւարտել 2010ի Մայիսին, իսկ օծումը պիտի կատարուի Սեպտեմբերին՝ Գարեգին Բ. Ամենայն հայոց կաթողիկոսի ձեռամբ: