ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի նախագահի կայքէջը կը տեղեկացնէ, թէ նախագահ Սերժ Սարգսեան Մայիս 15ին Արարատ մարզի Սուրէնաւան համայնքին մէջ ներկայ գտնուած է ճանապարհային եւ շինարարական թթուածնացուած կուպրի (oxidized bitumen-ի) հայ-ռուսական գործարանի բացման, եւ պաշտօնեաներու օգնութեամբ ծանօթացած է կուպրի արտադրութեան գործընթացին:
Այս առթիւ կառուցուած են մաքրման համակարգուած սարքաւորումներ, իսկ յարակից միջավայր արտանետումներն ու թափօնները կրճատելու համար, տեղադրուած է կուպրի գոլորշի խտացման մեքենայացուած համակարգ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.