ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Լրագրողներու հետ հանդիպելով, Ոստիկանութեան անցագրային եւ մուտքի արտօնութիւններու վարչութեան պետ Նորայր Մուրադխանեան Մայիս 15ին հաղորդած է, թէ Երեւանի աւագանիի ընտրացուցակներուն մէջ ընդգրկուելու համար, Երեւանի գրանցում չունեցող անձերը դիմումնագիրներ չեն ներկայացուցած: «Երեւան քաղաքի նախնական ընտրացուցակներում, որ տրամադրուել է, բոլորը հաշուառուած անձինք են», ըսաւ Մուրադխանեան՝ աւելցնելով նաեւ, թէ 2008ի Յուլիսէն մինչեւ այսօր, Երեւանի մէջ գրանցուած անձանց թիւը աւելցած է 11,844ով: Վարչութեան պետի փոխանցումով, նախորդ տարուան Յուլիս մէկէն մինչեւ Յունուար 1, հաշուի առնուածներուն թիւը աւելցած է 4274ով, իսկ այս տարուան Յունուարէն մինչեւ Ապրիլ 20՝ 7570ով, ինչ որ անսովոր թիւ մը չէ:
Երեւանի աւագանիի ընտրութիւններուն մասնակցող ընդդիմադիր Հայ ազգային կոնգրէսի ներկայացուցիչները Ապրիլին դիմած էին Սահմանադրական դատարան՝ պնդելով, որ Կեդրոնական ընտրական յանձնախումբին կողմէ Երեւանի աւագանիի ընտրութիւններու ցանկին մէջ ներառնուած են առնուազն մէկ տարուան գրանցում չունեցող անձինք, ինչ որ, ըստ ՀԱԿին, «Հակասահմանադրական եւ հակաօրինական է»:
Սահմանադրական դատարանը հիմնաւորուած համարած էր ընդդիմութեան պնդումը, որուն հիման վրայ, Կեդրոնական ընտրական յանձնախումբը Մայիս 11ին չեղեալ համարած էր ընտրութիւններու պայմաններուն ու հանգամանքներուն մէջ տեղ գտած այդ կէտը: