ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- Հայաստանի նախագահի մամլոյ գրասենեակը տեղեկացուց, թէ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան Մայիս 15ին այցելած է «Նաիրիտ» քիմիական գործարանը՝ ուժանիւթի եւ բնական պաշարներու, առողջապահութեան, արտակարգ իրավիճակներու նախարարներուն, Երեւանի քաղաքապետին եւ այլ պաշտօնեաներու ընկերակցութեամբ:
Նախագահը եւ պատուիրակութիւնը շրջած են վթարի ենթարկուած արտադրամասերը եւ ծանօթացած են դէպքին պատճառած վնասներուն ու հանգամանքներուն: Նախագահին զեկուցուած է, որ աշխատանքներ կը կատարուին պայթումին եւ անոր հետեւած հրդեհին պատճառները պարզելու համար: Սերժ Սարգսեան ցաւակցութիւն յայտնած է արկածի հետեւանքով զոհուած եւ տուժած աշխատակիցներու ընտանիքներուն, եւ յայտարարած է, որ այդ աղէտէն պէտք է լուրջ հետեւութիւններ կատարել:
«Կարծում եմ, որ այս աղէտը ահազանգ պէտք է լինի հանրապետութեան այլ ձեռնարկութիւնների ղեկավարներին ու նաեւ սեփականատէրերին համար», ընդգծած է երկրին ղեկավարը:
Միւս կողմէ, ընկերութեան մամլոյ ծառայութիւնը «Փանորամա» գործակալութեան յայտնած է, թէ ընդառաջելով գործարանի անձնակազմի առաջարկին՝ ընկերութեան ղեկավարութիւնն ու արհեստակցական միութիւնը ստեղծած են հոգաբարձուներու խորհուրդ մը՝ զոհուած 4 աշխատակիցներու ընտանիքներուն աջակցելու համար հանգանակութիւն մը կազմակերպելու նպատակով: Այս ուղղութեամբ, «Արարատ» դրամատան մէջ «Նաիրիտ»ի գործարանի արհեստակցական միութեան կողմէ բացուած է երկու հաշուեհամար. դրամային՝ 1510001664630100 թիւով եւ տոլարային՝ 1510001664630101 թիւով: