Կազմակերպութեամբ Քալիֆորնիոյ համալսարանի Սան Տիէկոյի մասնաճիւղի Հայ ուսանողներու միութեան եւ Ս. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցւոյ Հայկական Ցեղասպանութեան ոգեկոչման միացեալ մարմնին, Ուրբաթ, Ապրիլ 24ին, Հայկական Ցեղասպանութեան 94րդ տարելիցին ոգեկոչման ձեռնարկ մը տեղի ունեցաւ համալսարանի «Փրայս» սրահին մէջ, ուր ներկայ էր մօտաւորապէս 400 հոգի:
Հանդիսավարն էր Սթիվըն Քրաճեան: Ձեռնարկը սկսաւ տեսաերիզի մը ցուցադրութեամբ, որմէ ետք Սան Տիէկոյի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Մարթի Էմըրըլտ ներկայացուց խորհուրդին կողմէ այս առիթով վաւերացուած հռչակագիրը:
Ելոյթ ունեցաւ նաեւ Քալիֆորնիոյ Ծերակոյտի անդամ Մարք Ուայլէնտի ներկայացուցիչ Քրիսթին Ռուպին, որ խօսեցաւ Ծերակուտականի ներկայացուցած այն բանաձեւին մասին, որ պետական վարժարաններուն կը յանձնարարէ ցեղասպանութիւններէն վերապրողներու բերանացի վկայութեանց ուսումնասիրութիւնը:
Ուսանողութեան կողմէ ելոյթ ունեցան Հենրիէթա Մովսէսեան եւ Յովհաննէս Նալպանտեան, ապա կարդացուեցաւ Հայկական Ցեղասպանութեան կապակցութեամբ Քալիֆորնիոյ նահանգապետ Առնոլտ Շուարցնեկըրի ու Սան Տիէկոյի քաղաքապետ Ճէրի Սէնտըրզի հռչակագիրները:
Ապա ելոյթներ ունեցան համալսարանի դասախօս Ֆոնա Ֆորմըն Պարզիալի եւ հայազգի դատաւոր Լէրի Պըրնզ:
Գործադրուեցաւ նաեւ գեղարուեստական յայտագիր մը, իսկ ձեռնարկը փակուեցաւ հայր Տաթեւ Թաթուլեանի խօսքերով, որմէ ետք տեղի ունեցաւ մոմավառութեամբ հսկում մը՝ բոլոր ցեղասպանութեանց զոհերու հոգիներու խաղաղութեան համար: