Առաջնորդարանի «Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան» սրահին մէջ, Կիրակի, Մայիս 3ին տեղի ունեցաւ փրոֆ. Յարութ Պարսամեանի «Resurrection with Cane and Shoe» հատորին շնորհահանդէսը, որ կազմակերպուած էր Ազգ. առաջնորդարանի առաքելութեան տարածման յանձնախումբին կողմէ եւ կը վայելէր առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի հովանաւորութիւնը։
Բացման խօսքը արտասանեց կազմակերպիչ յանձնախումբի ատենապետ Հրայր Ճերմակեանը։ Ան հակիրճ կերպով խօսեցաւ յանձնախումբի աշխատանքին մասին ու բեմ հրաւիրեց Ազգային վարչութեան ատենապետ տոքթ. Կարօ Յակոբեանը, որպէսզի իբրեւ հանդիսավար՝ ղեկավարէ յայտագիրը։

Տոքթ. Յակոբեան ներկայացուց հեղինակին հակիրճ կենսագրականը, որ ամենայն մանրամասնութեամբ պատկերուած է գիրքին մէջ։ Ան նկատել տուաւ, որ հեղինակը յաջող բառախաղ մը կատարած է գիրքին խորագիրով, որովհետեւ resurrection կը նշանակէ Յարութիւն, այսինքն՝ իր անունը, ապա նաեւ՝ գաւազանով ու իւրայատուկ կօշիկով կերտուած անոր կեանքի ճամբորդութիւնը։ Ապա, ան ներկայացուց առաջին բանախօսը՝ բազմավաստակ դասախօս, Երեւանի Ամերիկեան համալսարանի հիմնադիր ու ճարտարագէտ փրոֆ. Միհրան Աղպապեանը։
Ան ընդհանուր եւ սեղմ գիծերու մէջ ներկայացուց հատորը, որ Յարութ Պարսամեանի ու ընտանիքին կեանքի փորձառութիւններուն պատմութիւնն է, սկսելով ծննդավայր Հալէպէն, անցնելով Պէյրութէն, ապա «համտեսելով» ներգաղթող բազմահազար հայերու վիճակուած ստալինեան Խորհրդային միութեան-Հայաստանի դառնութիւնները։ Ան կանգ առաւ հեղինակին ու հօր կրած հալածանքներուն ու ապրած դառնութիւններուն վրայ, նկատել տալով, որ հայրենաշինութեան մասնակցութեան մղումով ներգաղթած ընտանիքը, բազմաթիւ ուրիշներու պէս, ենթարկուած է ահաւոր տանջանքներու, որոնց հետեւանքով արտագաղթած է Միացեալ Նահանգներ, ուր կերտուած են հեղինակին կեանքի յաջողութիւնները՝ գիտութեանց ու համալսարանական կալուածներու մէջ։ Ան վեր առաւ գիրքին այն յատկանիշները, որոնք կը ցոլացնեն հեղինակին լայնածիր ծանօթութիւնները մտաւորականներու ու գիտութեան աշխարհի մարդոց հետ։ Ան նշեց, որ Միացեալ Նահանգներ հաստատուելէ ետք, փրոֆ. Պարսամեան ապրած է վերելք, սակայն հայրենիքին հանդէպ իր յանձնառու կեցուածքին մէջ փոփոխութիւն չէ եղած, այլ ընդհակառակը, ան մեծ ծառայութիւններ մատուցած է Հայաստանին, ինչպէս՝ երկրաշարժէն ետք գիտաժողովներու կազմակերպումով ու մասնակցութեամբ, գիտաշխատողներուն ու կրթական հաստատութեանց նպաստ տրամադրելով։ Վերջապէս, ան նկատել տուաւ, որ հեղինակը քօղազերծ ըրած է այն իրականութիւնը, որ ստալինեան Խորհրդային միութիւնը Հայաստանի ու հայութեան շահերուն համար չէր որ կազմակերպեր էր ներգաղթը։ Ան իր խօսքը եզրափակեց շնորհակալութիւն յայտնելով հեղինակին, որ իր փորձառութեանց հաղորդակից դարձուցած է ընթերցողը։
Յաջորդ բանախօսը ներկայացնելէ առաջ, հանդիսավարը կանգ առաւ փրոֆ. Պարսամեանի հայրենասիրութեան վրայ, ընդգծելով, որ նախ՝ առաջին անգամն է, որ լոյս կը տեսնէ մեր մօտիկ անցեալի ծանօթ ժամանակաշրջանին մասին նման գիրք մը, ուր հեղինակը դառն կացութիւններուն կողքին, կը պատկերէ նաեւ լուսաւոր ու դրական երեսներ։ Ապա ան բեմ հրաւիրեց երկրորդ բանախօսը՝ օդանաւային ճարտարարուեստի մէջ գիտաշխատող ու գիտնական Տիգրան Պարսամը։
Հեղինակին մասին հակիրճ ծանօթութիւններէ ետք, ան հատորին բաժիններէն մանրապատումներ ու դրուագներ վեր առնելով՝ ներկայացուց հեղինակին ու անոր ընտանիքին դառն փորձառութիւնները, բռնատիրական դրութիւնը յաղթահարելու համար անոնց ի գործ դրած հնարամտութիւնները, յաջողութիւնները, անարդարութեան դէմ ամուր կեցուածքը, իսկ այս բոլորին կողքին՝ զուարթախոհութիւնն ու լաւատեսութիւնը։
Գեղարուեստական յայտագիրին կենսագործումը վստահուած էր Արմինէ եւ Քնարիկ Ներկարարեան շնորհալի քոյրերուն. առաջինը ջութակի վրայ ներկայացուց «Կռունկ»ը, իսկ երկրորդը՝ երգեց «Սիրոյ մեղեդի» (Հայուհի գեղեցիկ) երգը. դաշնակի վրայ անոնց ընկերացաւ Աննա Վորովիչ։
Հեղինակին ու գիրքին մասին վկայութիւններ տուին Մարի Թերզեանը եւ Սարգիս Մահսէրէճեանը։ Առաջինը, հեղինակին զուարթախոհութեան անուղղակի արձագանգով մը պատմեց, թէ ինչպէս ինք փրոֆ. Պարսամեանի կողմէ գրեթէ ակամայ ներգրաւուած է հատորի խմբագրումի աշխատանքին մէջ, ու ամէն բան մոռնալով՝ ինկած է մագնիսացնող էջերուն մէջ։ Ան եւս հպանցիկ ակնարկներ կատարեց գիրքին բովանդակութեան մասին՝ ընդգծելով, որ այս հատորը պերճախօս վկայութիւն է հեղինակ-գիրք միաձուլման։
Իր կարգին, Մահսէրէճեան նկատել տուաւ, որ այս հատորը, շատ բաներու կողքին, անարդարութեանց դէմ ընդվզումի արտայայտութիւն է եւ ունի ափսոսանքի երես մըն ալ, նման այն ընդվզումին ու ափսոսանքին, որ մօտաւորապէս 250 տարի առաջ արձակած է մեր նոր գրականութեան առաջին լուսաւոր հեղինակներէն՝ Սայեաթ Նովան, երբ զինք պալատէն հեռացնող թագաւորին «Դու էն գլխէն իմաստուն իս» երգով դիմած է՝ ըսելով. «Թէ կու պակսիմ, քիզ կու պակսիմ, աշխարհէս մէ մազ չի պակսի…»։ Ան նշեց, որ Յարութ Պարսամեանի ու նման գիտնականներու եւ մտաւորականներու մեկնումով, Հայաստանէն շատ բան պակսեցաւ ու այսօր ալ կը պակսի։
Շնորհահանդէսին փակման խօսքը արտասանեց առաջնորդ սրբազանը։ Ան գնահատանք արձանագրեց յայտագիրին բոլոր մասնակիցներուն, անկեղծ ու առինքնող խօսքերուն ու արտայայտութեանց համար։
Ան նշեց, որ իբրեւ հաւատացեալ քրիստոնեաներ, գիտենք, որ կարելի է յաղթահարել մարմնական տկարութիւնները, կեանք ու վաստակ կերտել արիաբար, եւ նոյնքան կարեւորութեամբ հետամուտ ըլլալ երկինքի արքայութիւնը շահելու։ Ան նկատել տուաւ, որ հեղինակը կը պատկանի այն խմբակին, որ կեանքի պատերազմը մղած է, յոյսը չէ կորսնցուցած ու յաղթանակ կերտած, հաւատքը ամուր պահած՝ հասած է երազներու իրականացման։ Ան եղած է ու կը մնայ հայրենասէր, հակառակ Խորհրդային Հայաստանի մէջ իր, ընտանիքին ու նմաններու վիճակուած դառնութիւններուն. այս հատորը պերճախօս վկայութիւն է այս յատկութեան։ Ան բարձր գնահատեց հեղինակին լաւատեսի, հետեւողականութեան ու գիտութեանց հետամուտ ըլլալու արժանիքները, բայց մանաւանդ ողջունեց անոր բարերարութիւնը, որ անցեալ ամանորին արտայայտութիւն գտաւ առաջնորդարանի յարկին տակ, նոր հիմնադրամի մը հաստատումով. հիմնադրամ, որ կը կրէ փրոֆ. Յարութ Պարսամեանի անունը եւ որուն հասոյթը պիտի տրամադրուի հաշմանդամ հայ ուսանողներու։
Առաջնորդը իր խօսքը եզրափակեց նկատել տալով, որ այս գիրքը ազնուութեան, նուիրումի, հայրենասիրութեան ու վաղուան արշալոյսի յոյսին արտայայտութիւնն է:
Հանդիսութիւնը վերջ գտաւ առաջնորդին աղօթքով