ԵՐԵՒԱՆ, «Փան Արմինեըն».- Worley Parsons միջազգային ընկերութիւնը շահած է Հայաստանի նոր աթոմակայանը կառուցելու իրաւունքը:
Աթոմակայանը կառուցելու յայտարարուած մրցոյթին երկրորդ մասնակիցը՝ Scientech միջազգային ընկերութիւնը, մերժուած է երաշխիքներու բացակայութեան եւ անոր կողմէ ներկայացուած փաթեթին վերաբերեալ գնային առաջարկութեան ոչ լիարժէք ներկայացման պատճառով:
Worley Parsons Limited ընկերութիւնը ուժանիւթի ոլորտին մէջ աշխարհի ամէնէն մեծ ընկերութիւններէն մէկն է, որուն անցեալ տարուան շահոյթը կազմած է 3.535 միլիառ աւստրալիական տոլար:
Հայաստան կը ծրագրէ նոր աթոմակայան մը կառուցել՝ շուրջ 1000 Մեկաուաթ հզօրութեամբ, եւ ըստ ուժանիւթի նախարարութեան տուեալներուն, նախագիծը կրնայ արժել շուրջ 5 միլիառ ամերիկեան տոլար: