Ծ.Խ.- Վերջերս Հիւսիսային Ամերիկայի շարք մը շարժապատկերու փառատօներու իր մասնակցութիւնը բերաւ Թուրքիայէն համշէնահայ բեմադրիչ Օզքան Ալփէրը, որուն հետ Քանատայի մեր պաշտօնակից «Հորիզոն»ը ունեցած է հեռակայ այս հարցազրոյցը:
«ՀՈՐԻԶՈՆ».- Ո՞վ է Օզքան Ալփէրը, ուրկէ՞ կու գայ եւ ինչպէ՞ս յայտնուած է ֆիլմի աշխարհին մէջ։
ՕԶՔԱՆ ԱԼՓԷՐ.- Ծնած եմ 1975ին, Թուրքիոյ հիւսիսարեւելեան շրջանին մէջ գտնուող Արդուին փոքրիկ քաղաքին մէջ։ Որպէս ուսանող, սկզբնական տարիներուն Սթանպուլի համալսարանէն ներս հետեւած եմ բնագիտութեան, ապա վկայուած եմ նոյն համալսարանի գիտութեան պատմութեան բաժանմունքէն։ Նոյն տարիներուն մէջս արթնցաւ հետաքրքրութիւնը շարժապատկերի աշխարհին նկատմամբ եւ սկսայ աշխատիլ շարժապատկերի այլընտրական տարբեր եւ բազմաթիւ խումբերու հետ։ 1999ին առաջին անգամ ըլլալով որպէս արհեստավարժ աշխատող իմ մասնակցութիւնս բերի շարժապատկերի եւ հեռատեսիլի համար պատրաստուող ֆիլմերու արտադրութեան, իբրեւ բեմադրիչի օգնական կամ արտադրութեան խումբին մաս կազմող անդամ։ Առաջին կարճ ժապաւէնս «Մոմի»ն (Կնքամայր), որ նաեւ առաջին ֆիլմն էր համշէնի բարբառով նկարահանուած, արժանացաւ բազմաթիւ մրցանակներու։ «Սոնպահար»ը (Աշուն), որ առաջին ֆիլմս է սինեմայի համար նկարահանուած, կը վայելէ Թուրքիոյ մշակոյթի նախարարութեան նեցուկը։ Այս բոլորի կողքին, կը ստորագրեմ նաեւ ֆիլմերու մասին բազմաթիւ յօդուածներ Թուրքիոյ ամենայայտնի սինեմայի պարբերաթերթերէն «Yeni Film»ի մէջ։
«ՀՈՐԻԶՈՆ».- Ներկայիս Թուրքիոյ մէջ ի՞նչ վիճակ կը պարզէ ֆիլմի արտադրութիւնը։ Պատահա՞ծ է վերջերս որ Թուրքիոյ մէջ արտադրուած ֆիլմ մը գրաքննութեան ենթարկուի։
ՕԶՔԱՆ ԱԼՓԷՐ.- Վերջին տասնհինգ տարիներուն կը խօսուի թրքական սինեմայի նոր շարժումի մը մասին։ Ես տակաւին չեմ կրնար վստահեցնել որ կատարուածը իսկապէս նոր ալիք մըն է կամ ոչ, հաւանաբար քիչ մը աւելի երկար պէտք է սպասենք, որպէսզի կարենանք ճիշդ գնահատում մը ընել։ Բայց եթէ միջազգային ֆիլմի փառատօներու մասնակցող թրքական ֆիլմերը հաշուի առնենք պիտի տեսնենք որ վերջին քանի մը տարիներուն կը խօսուի թրքական սինեմայի մը մասին։ Իմ սերունդիս բեմադրիչները այս «շարժումին» շարունակութիւնը կը համարուին։ Ամենայնդէպս կրնանք ըսել որ յառաջընթաց մը կայ դէպի աւելի լաւը։
Իսկ ինչ կը վերաբերի գրաքննութեան, հաւանաբար չենք կրնար ըսել որ բացայայտ ճնշում մը կայ արտադրուող ֆիլմերուն վրայ։ Բայց կը կարծեմ որ տակաւին արտադրողները կամ բեմադրիչները ինքնաբերաբար իրենք իրենց վրայ է որ կը պարտադրեն գրաքննութիւն մը։ Պատահած է նաեւ որ կառավարական պաշտօնեաներու կողմէ չգրաքննուած արտայայտութիւն մը բուռն բողոքի ալիք բարձրացնէ ժողովուրդին մօտ եւ հակաքարոզչութիւն մը ծայր առնէ բեմադրիչին եւ բեմագրին նկատմամբ։
Իրականութեան մէջ մենք չենք գիտեր այս ճնշումին սահմանները։ Օրինակի համար եթէ մէկը ուզէ ֆիլմ մը նկարահանել քրտական կամ հայկական հարցին մասին, բացայայտօրէն թիավարելով հանրութեան կարծիքին եւ համոզումին դէմ, ոչ ոք գիտէ ինչ կրնայ ըլլալ անդրադարձը։
«ՀՈՐԻԶՈՆ».- «Սոնպահար»ը երկրորդ ֆիլմդ է, որ կ՛անդրադառնայ ինքնութեան փնտռտուքին։ Ինչո՞ւ քու ֆիլմերուդ մէջ յաճախ այս թեման կ՛արծարծուի։
ՕԶՔԱՆ ԱԼՓԷՐ.- Հաւանաբար այս մէկը կու գայ ներանձնական զգացողութենէ մը, բայց կը կարծեմ որ նաեւ կապ ունի սեփական մշակոյթի եւ լեզուի անդրադարձին հետ։ Անցեալի եւ ծննդավայրի ընդմէջէն ինքնութեան ընկալման հետ…այս բոլորին կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ հողին ձայնը եւ ժողովուրդի մեղեդիները, հովը եւ ծովը… ես կը խորհիմ որ այս բոլոր բնական եւ տեղային միջոցները միջազգայնօրէն կը հանդիպին մարդկայնութեան հետ…
«ՀՈՐԻԶՈՆ».- Համշէնի գիւղերը ի՞նչ վիճակ կը պարզեն այսօր։ Ինչո՞ւ նոր սերունդը կը ձգէ գիւղերը եւ կը հաստատուի աւելի քաղաքային շրջաններ։
ՕԶՔԱՆ ԱԼՓԷՐ.- Միայն տարեցները եւ երեխաները կը մնան գիւղերուն մէջ… Երիտասարդ սերունդը կամ համալսարանական է, կամ ալ արհեստաւոր՝ մեծ քաղաքներու մէջ։ Սակայն ամրան ընթացքին գիւղերուն բնակչութեան թիւը կը կրկնապատկուի, քանի որ շատեր կը վերադառնան իրենց ամառանային արձակուրդը ծննդավայրին մէջ անցընելու։ Գիւղացիները ընդհանրապէս հողագործութեամբ կը զբաղին եւ անոնց եկամուտը բաւարար չէ, որպէսզի կարենան հոգալ իրենց ընտանիքին ծախսերը։
«ՀՈՐԻԶՈՆ».- Ի՞նչ անդրադարձ գտաւ ֆիլմդ համշէնցիներուն, թուրքերուն եւ միջազգային հանրութեան մօտ։
ՕԶՔԱՆ ԱԼՓԷՐ.- Երբ «Մօմի»ն կը նկարահանէի, նոյնիսկ համշէնցի ղեկավարները ցնցուած էին եւ ժխտական տրամադրուած։ Հիմա որ ութ տարի անցած է այդ ֆիլմի նկարահանումէն եւ արդէն իսկ պատրաստ է «Սոնպահար»ը, կ՛անդրադառնամ որ բոլորովին տարբեր է հակազդեցութիւնը։ Հիմա իմ ժողովուրդս հպարտ է, որ իրենց մշակոյթէն սերած բեմադրիչ մը ճանաչում ունի թէ՛ Թուրքիոյ մէջ եւ թէ՛ ալ միջազգայնօրէն։ Անոնք հպարտ են, որ ես կը վերակենդանացնեմ եւ կը վերապրեցնեմ Համշէնի մշակոյթը։ Յատկապէս երիտասարդները, որոնց քով այնքան մեծ է հետաքրքրութիւնը, որ սկսան սորվիլ եւ ուսումնասիրել իրենց բարբառը։
Իսկ ինչ կը վերաբերի թրքական հակազդեցութեան, ըսեմ որ Ֆիլմիս մեծ մասը կապ ունի թուրք ձախակողմեաններուն հետ։ Այդ պատճառով ալ անոնք նեցուկ կանգնեցան եւ մեծ հետաքրքրութիւն ցուցաբերեցին։ Ես ֆիլմը ցուցադրելու սկսայ Դեկտեմբեր 19ին, այսինքն այն օրը երբ թրքական կառավարութիւնը տարիներ առաջ ձերբակալեց ընկերվարականները։ Աւելի քան 150,000 մարդ դիտեց ֆիլմը եւ 40 թրքական քաղաքներու մէջ կազմակերպուեցան քննարկումներ այս ֆիլմին եւ թեմային շուրջ։ Այս ֆիլմին թիկունք կանգնեցան նաեւ արհեստաւորներու խումբեր, ինչպէս նաեւ կառավարական պաշտօնեաներու միութիւններ։
Միջազգային գետնի վրայ, ֆիլմը ցուցադրուեցաւ 20 երկիրներու մէջ եւ ֆիլմերու փառատօններու ընթացքին։ Միջազգային պարբերաթերթեր գրեցին եւ անդրադարձան այս ֆիլմին մասին։ Կրնամ ըսել որ կարեւոր նախաքայլ մըն է ինծի համար նաեւ Նիւ Եորքի «New Films New Directors» ֆիլմի փառատօնին մասնակցութիւնս եւ հազարաւոր ֆիլմերու մէջէն առաջին լաւագոյն տասնհինգ ֆիլմերու ցանկին վրայ ըլլալս։
——————————————————————————————————–
Բեմադրիչին Ֆիլմերու մասնակի ցանկն ու շահած մրցանակները.-
Adana Golden Boll Film Festival, Turkey (2008): Best Film, Best Supporting Female Actor (Megi Kobaladze), Special Jury Prize
Locarno Film Festival, Switzerland (2008): The Art and Essay Cicae Prize
SIYAD (Turkish Film Critics Association) Awards, Turkey: Best Film, Best Script, Best Director, Best Cinematography (Feza Caldiran), Best Actor (Onur Saylak)
Eurasia Film Festival, Antalya, Turkey (2008): Netpac Jury Award
Tbilisi Film Festival, Georgia (2008): Silver Prometheus Award
Premiers Plans’ Angers European First Film Festival, France (2008): Soundtrack Award
Festival on Wheels, Turkey (2008): Silver Goose and Critics Awards
Montreal World Film Festival, Canada (2008)