
ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան Մայիս 12ին ստորագրած է հրամանագրեր, որոնցմով իրենց պաշտօններէն ազատած է գիւղատնտեսութեան նախարար Արամայիս Գրիգորեանը, աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարար Արսէն Համբարձումեանը եւ կրթութեան ու գիտութեան նախարար Սպարտակ

Սէյրանեանը:
Իսկ նոյն օրը, նախագահին ստորագրած այլ հրամանագրերով, Գէորգ Պետրոսեան (Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութիւն) կը ստանձնէ աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարարութիւնը, Արմէն Աշոտեան (Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութիւն)՝ կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութիւնը, իսկ Գերասիմ Ալաւերդեանը (Օրինաց Երկիր)՝ գիւղատնտեսութեան նախարարութիւնը:
