ՐԱՖՖԻ ՏՈՒՏԱԳԼԵԱՆ
Հաւանաբար շատերու զարմանք պիտի պատճառէ այս գրութեան խորագիրը։ Արդարեւ, շատեր հարց պիտի տան, որ տնտեսական տագնապի եւ ֆինանսական ճգնաժամի այս օրերուն, հող, բնակարան, կամ, հայաստանեան բառապաշարով՝ անշարժ գոյք գնելը խոհե՞մ քայլ է։ Պատասխանս՝ այո՛, եթէ, անշուշտ, միջազգային ֆինանսական ճգնաժամն ու տնտեսական տեղքայլը չեն ազդած ձեր նիւթական հնարաւորութեան վրայ։
Այս օրերուն, ինչպէս աշխարհի բազմաթիւ երկիրներու մէջ, Հայաստանի անշարժ շուկան եւս ետդարձ կ՛ապրի։ Անցնող տարիներուն հողերու, առանձնատուներու եւ բնակարաններու գիները աննախընթաց մագլցում արձանագրեցին։ Երեւանի կեդրոնին մէջ նորակառոյց շէնքերու բնակարաններուն գիները երկինք հասան՝ զարմանք պատճառելով բոլորիս։ Մօտ մէկ տարի առաջ կարգ մը «էլիթար» կոչուած շէնքերու մէջ բնակարաններուն քառակուսի մեթրին գինը հասաւ 4000 տոլարի։
Հիմա, սակայն, փոխուած է իրավիճակը։ Ըստ կարգ մը հետազօտութիւններու, անշարժ գոյքի շուկան բաւական դանդաղած է եւ տուներու ու հողակտորներու գիները, ի բացառեալ կարգ մը թաղամասերու, 20էն 30 տոկոս անկում արձանագրած են։ Երեւանի կեդրոնի նորակառոյց շէնքերուն մէջ, յարկաբաժիններու անցեալին 2500 տոլարով ծախուող քառակուսի մեթրը այս օրերուն կը վաճառուի 1800 տոլարի շուրջ։ Բացառութիւն կը մնայ Օփերան Հրապարակին կապող Հիւսիսային պողոտան, ուր գիները յատկանշական անկում չեն արձանագրած:
Դանդաղած է նաեւ շէնքերու եւ այլ կառոյցներու շինարարութիւնը, որ անցնող երկու տարիներուն Հայաստանի տնտեսական աճին մէջ յատկանշական դեռ ունէր։ Կարգ մը շինարարներ լուրջ դժուարութիւններու առջեւ կը գտնուին, որովհետեւ բնակարաններու առեւտուրը շատ նուազած է եւ ֆինանսական միջազգային տագնապը լուրջ ազդեցութիւն թողած է կանխիկ գումարներու շրջանառութեան վրայ։
Միւս կողմէ, Հայաստանի դրամատուները, օրինակ ունենալով Ամերիկայի դրամատուներու խայտառակ գործունէութիւնը անշարժ գոյքի շուկային մէջ, շատ աւելի զգոյշ են եւ բաւական խիստ՝ վարկ տալու իրենց քաղաքականութեան մէջ։ Կառավարութիւնը, սակայն, որոշած է դրամային փոխատուութեան միջոցով օգնել շինարարական ընկերութիւններուն, որպէսզի կիսակառոյց շինութիւնները անաւարտ չմնան։
Շատեր հաւանաբար պիտի ըսեն. «Ձեզի ըսինք Հայաստանի շուկային կարելի չէ վստահիլ, ո՞ր խելքը գլուխ մարդը Երեւանի կեդրոնին մէջ տուն ունենալու համար 3000 տոլար կու տայ՝ մէկ քառակուսի մեթրին համար։ Տեսա՞ք ինչ եղաւ, հիմա գնող չկայ, գիներն ալ ինկած են»։ Այս տեսակի արտայայտութիւնները չ՛արժեր լուրջի առնել, պարզ այն պատճառով, որ քանի մը տարիէն, տնտեսական տագնապի աւարտին հետ գիները դարձեալ կը սկսին բարձրանալու։ Ի վերջոյ, ինչպէս դիտել կու տար անշարժ գոյքի մասնագէտ ընկեր մը, աշխարհի մէջ չկայ վայր մը, ուր բնակարաններու եւ հողերու գիները շարունակ բարձր մնացած են, ընդհակառակը, երկար ժամանակի վրայ, անոնց բերած շահը շատ աւելի եղած է, քան դրամատուներու մէջ պահ դրուած գումարներունը։
Յամենայնդէպս, եթէ հայրենիքի մէջ կալուած գնելու հնարաւորութիւն եւ նպատակ ունիք, հիմա ժամանա՛կն է։
Գրեցէ՛ք ինծի:
rafdoud@aol.com