ԵՐԵՒԱՆ, «Հետք».- Մայիս 15ին «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի հովանաւորութեամբ եւ նախաձեռնութեամբ, Սիրահարներու այգիին մէջ կատարուեցաւ «Իմ Տուն-Հայաստան» բարեսիրական ցուցահանդէս-վաճառքը:
Երեւանի «Մարի Իզմիրլեան» մանկատունը, Գիւմրիի «Տիրամայր Հայաստան Պօղոսեան» կրթահամալիրը, «Ժան եւ Ալբերտ Պօղոսեաններ» արուեստի դպրոցը, «Մեղուիկ» մանկապատանեկան կեդրոնը, Փարաքարի արուեստի դպրոցը եւ այլ հաստատութիւններ կը ցուցադրեն իրենց փոքրիկ ու պատանի սաներու անկեղծ, վառ ու գունագեղ ստեղծագործութիւնները, որոնք կ՛արտայայտեն փոքրիկներուն սէրը մեր տուն-հայրենիք»ին հանդէպ:
Ցուցահանդէսի կազմակերպման աջակցած են նաեւ «Փրինթինֆօ», «Նեգատիւ ստուդիօ», «Քոքա Քոլա», «Աչաջուր» եւ «Տաշիր պիցցա» ընկերութիւնները, ինչպէս նաեւ Հայաստանի Հանրային ձայնասփիւռը եւ «Հայաստանի Հանրապետութիւն» օրաթերթը: Այս առիթով ելոյթներ ունեցան Առնօ Բաբաջանեանի անուան երաժշտական-մանկավարժական քոլէճի երգչախումբը եւ Փարաքարի արուեստի դպրոցի երաժշտական խումբերը:
Ստացուած հասոյթը պիտի յատկացուի նշեալ հաստատութիւններու կրթական կարիքներուն:
Ի դէպ, «Հայաստան» եւ «Պօղոսեան» հիմնադրամներու կարեւոր ձեռքբերումներէն մէկն է նաեւ նոյն ինքն Սիրահարներու այգիին բարեկարգումը: