Ապրիլ ամսուան վերջաւորութեան հարաւային Աւստրալիոյ խորհրդարանի Վարին պալատը՝ հետեւելով Վերին պալատի օրինակին, միաձայնութեամբ որդեգրեց Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւ մը։
Քանպերայի մէջ Թուրքիոյ դեսպանատունը ուշացումով հակազդեց այդ զարգացման։
Դեսպանատունը Երկուշաբթի օր մամլոյ հաղորդագրութիւն մը հրապարակեց. դատապարտելով հարաւային Աւստրալիոյ խորհրդարանին կողմէ Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւին որդեգրումը։
Դեսպանատունը հաղորդագրութեան մէջ խոր ցաւ կը յայտնէ այդ որոշումի քննարկման ընթացքին «թուրքերու եւ թրքական հանրապետութեան հասցէին կատարուած վիրաւորական խօսքերուն համար»։
Հաղորդագրութիւնը նաեւ կը նշէ, որ Թուրքիա եւ Աւստրալիա բարեկամներ եւ գործընկերներ են, «սակայն այժմ կարգ մը աւստրալիացի նախարարներ եւ քաղաքագէտներ կը թուի թէ զօրավիգ կը կանգնին մեր ժողովուրդներուն միջեւ պառակտում եւ դժգոհութիւն ստեղծող քաղաքականութեան մը, որ կրնայ հեռահաս հետեւանքներ ունենալ»։
Դեսպանատունը բանաձեւին որդեգրման համար «ազգային լոպի» մը ամբաստանելէ ետք կը յայտնէ, որ թրքական ծագումով աւստրալիացիներ «բնականաբար կը վախնան, որ իրենց նկատմամբ դիտումնաւոր կերպով կը ստեղծուի թշնամական մթնոլորտ մը», որ ցեղապաշտական ուժեղ ազդեցութիւններ կը կրէ։
Դեսպանատան հաղորդագրութիւնը կը կրկնէ թրքական մերժողական իշխանութեանց սովորական թեզը, թէ քաղաքագէտներ պէտք չէ ջանան պատմութիւնը գրել։ Ըստ Թուրքիոյ դեսպանատան, բանաձեւը պիտի չորդեգրուէր, եթէ հարաւային Աւստրալիոյ օրէնսդիրները պատմութեան «անկողմնակալ քննարկում մը» արտօնէին։
Դեսպանատունը իր հաղորդագրութիւնը կ՛եզրափակէ նշելով, որ հարաւային Աւստրալիոյ մէջ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման արշաւին հեղինակներուն նպատակներէն մէկը իրենց տեսակէտէն զատ այլ կարծիքներ արտայայտելու ազատութիւնը ջնջելն է։