Հայ-թրքական սահմանադուռը բանալու եւ դիւանագիտական բնականոն յարաբերութիւններ հաստատելու գործընթացին մասին իրենց տեսակէտները պարզեցին նաեւ Եւրոմիութեան գործադիր մարմինը հանդիսացող Եւրոպական յանձնաժողովի անդամներ Օլի Րէն եւ Պէնիթա Ֆերրէրօ Ուալտնէր, որոնք պատասխանելով այս մասին հարցումի մը՝ նշեցին, թէ կը զօրակցին սահմանադուռը բանալու ճիգերուն։
«Որպէս Եւրոպական յանձնաժողով, մեծ գոհունակութեամբ կ՛ողջունենք Հայաստան-Թուրքիա մերձեցման գործընթացը։ Նաեւ կը զօրակցինք բոլոր այն ճիգերուն, որոնք պիտի նպաստեն երկու երկիրներու սահմանադուռի բացման եւ ժողովուրդներուն միջեւ բնականոն յարաբերութիւններու հաստատումին։ Շրջանէն ներս առկայ եւ տակաւին անլոյծ հակամարտութիւններու լուծման համար, անհրաժեշտ է, որ բուռն կերպով զօրակցինք այսպիսի ճիգերուն եւ դրական լիցք հաղորդենք մերձեցման գործընթացին», նշեցին եւրոպացի դիւանագէտները։