ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի Հանրային պատկերասփիւռի արտաքին յարաբերութիւններու պատասխանատու Նարեկ Ադոնց Մայիս 11ին լրատուամիջոցներուն հաղորդեց, թէ Մոսկուայի մէջ «Եւրոտեսիլ 2009» երգի 54րդ միջազգային մրցոյթին մասնակիցները կը կատարեն իրենց վերջին փորձերը, իսկ Հայաստանը ներկայացնող Ինգա եւ Անուշ Արշակեանները, որոնք բարձր տրամադրութիւններով կատարեցին իրենց վերջին գլխաւոր փորձը, «æան, ջան» երգով ելոյթ պիտի ունենան Մայիս 12ին կայանալիք կիսաեզրափակիչին: