ՊԵՐԼԻՆ, «Էյ.Փի.».- Կիրակի, Մայիս 10ին, Գերմանիոյ մէջ տեղի ունեցած հանդիպումէ մը ետք, Գերմանիոյ վարչապետ Անճելա Մերքէլ եւ Ֆրանսայի նախագահ Նիքոլա Սարքոզի անգամ մը եւս յստակացուցին, թէ ներկայ հանգրուանին կարելի չէ խօսիլ Թուրքիան Եւրոմիութեան լիիրաւ անդամ դարձնելու ընտրանքին մասին:
Երկու ղեկավարներն ալ կը նախընտրեն Թուրքիոյ շնորհել առանձնայատուկ գործընկերութեան ընտրանքը, բան մը, որ խստօրէն կը մերժուի Անգարայի կողմէ: Թուրքիան Եւրոմիութեան անդամակցութեան բանակցութեանց սկսաւ 2005ին, սակայն ցարդ չէ կրցած յատկանշական յառաջդիմութիւն արձանագրել: