ՔՈՄՍՈՄՈԼՍՔ, «Արմէնփրէս».- «Սուխոյի» քաղաքացիական օդանաւերու ընկերութեան մամլոյ ծառայութեան տնօրէն Օլկա Քայուքովա Մայիս 11ին լրոգրողներուն հետ հանդիպելով՝ յայտնած է, թէ առաջին անգամ ըլլալով, իր ընկերութիւնը Հայաստանի «Արմաւիա» ընկերութեան պիտի ծախէ «Սուխոյի գերինքնամուղ-100» (Sukhoi Superjet-100) քաղաքացիական օդանաւ, որ հանրութեան ներկայացուած էր 2007ի Սեպտեմբերին, Ամուրի Քոմսոմոլսքի գործարանին մէջ, ուր նաեւ յաջողութեամբ կատարուած էր անոր առաջին թռիչքը:
Օ. Քայուքովայի խօսքով, «Արմաւիա»ն ընտրուած է իբրեւ յաճախորդ, որովհետեւ ան պատուիրած է օդանաւի ամենապարզ արտաքինով տարբերակը: «Ընտրութիւնը կախեալ է շարք մը գործօններէ: Արտաքին տեսքը կ՛որոշէ պատուիրատուն: Որքան պարզ է ընդհանուր ձեւը, այնքան աւելի դիւրին է պատրաստել օդանաւը», աւելցուցած է ան:
Բացի ատկէ, որ SSJ-100 ընտանիքի բոլոր օդանաւերը կը համապատասխանեն կենսոլորտի պահպանման համաշխարհային չափանիշներուն, անոնք նաեւ ունին գործառնական ճկունութիւն եւ օժտուած են բարելաւուած ճարտարագիտութեամբ, ինչ որ SSJ-100ը կը դարձնեն մրցունակ նախագիծ՝ համաշխարհային շուկային վրայ: