ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».- Ազգային վիճակագրական ծառայութեան մարդահամարի եւ ժողովրդագրական բաժնի պետ Կարինէ Կույումջեան Մայիս 11ին լրագրողներուն յայտնած է, թէ այս տարուան առաջին եռամսեակին գրանցուած ամուսնութիւններուն թիւը (4569 ամուսնութիւն) աճած է 2.2 տոկոսով՝ նախորդ տարուան նոյն ժամանակահատուածին համեմատ, իսկ Յունուար-Մարտ ամիսներուն գրանցուած ամուսնալուծութիւններուն թիւը (715 պարագայ) նուազած է 3.1 տոկոսով՝ նախորդ տարուան նոյն ժամանակահատուածին համեմատ:
Նշեալ ժամանակահատուածին ամենաշատ ամուսնութիւնները գրանցուած են Գեղարքունիքի, Արմաւիրի, Շիրակի եւ Վայոց Ձորի մարզերուն մէջ, իսկ նուազագոյն ամուսնութիւնները՝ Արարատի եւ Սիւնիքի մէջ: