ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Նախաձեռնութեամբ «Նոր Օր» շաբաթաթերթին եւ մասնակցութեամբ Լոս Անճելըսի «Չորք Մարզպան» հայրենակցական, Հայ այնթապցիներու մշակութային եւ Ամերիկայի հայ գրողներու միութիւններուն, ինչպէս նաեւ «Նոր Կեանք» եւ «Նոր Օր» շաբաթաթերթերուն, Հինգշաբթի, 30 Ապրիլին, երեկոյեան ժամը 7:30ին, Թէքէեան մշակութային միութեան «Պէշկէօթիւրեան» կեդրոնի հանդիսասրահին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպում եւ սրտբաց զրոյց՝ սփիւռքահայ հանրածանօթ մտաւորական եւ բժիշկ Թորոս Թորանեանի հետ: Օրուան հիւր մտաւորականին կողքին ներկայ էին Լոս Անճելըսի հայ մամուլի ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ աւելի քան հարիւր մշակութասէրներ, բարեկամներ եւ ծանօթ ազգայիններ:
Բացման խօսքին մէջ, ձեռնարկի հանդիսավար Հրաչ Սէփէթճեան, յանուն «Նոր Օր» շաբաթաթերթի բարի գալուստի ու շնորհակալութեան իր խօսքերէն ետք, մտերմիկ ձեւով ծանօթացուց 80ամեայ «Թորոս»ը, որ այսօր «քով քովի համախմբած է շրջանի մշակութասէրներն ու գրասէրները»:
Ապա ան մէկ առ մէկ բեմ հրաւիրեց յայտագրի պաշտօնական բաժնին ելոյթ ունեցողները, որոնցմէ առաջինն էր Լոս Անճելըսի «Չորք Մարզպան» հայրենակցական միութեան ներկայացուցիչ, ինչպէս նաեւ մեծ հիւրին Կիպրոսի «Մելքոնեան» կրթական հաստատութեան ուսանողական տարիներու դասընկեր Նուպար Յակոբեանը, որ մտերմիկ իր զրոյցով նախ ներկայացուց գրագէտ Թորանեանը՝ «իբրեւ ամէն տեղ հայ եւ ու յատկապէս հայ գրող փնտռող հայ մը»: «Թորանեան ըսելու եւ խօսելու իւրայատուկ ձեւ ու ոճ ունի», շարունակեց Յակոբեան եւ զանազան յուշերու պատմումէն ետք աւելցուց. «Թորանեանի համար հայը երբեք չի ծերանար, այլ կը մեծնայ»: Եւ որովհետեւ Թորանեան մեծ համարում, յարգանք ու համակրանք ունեցած էր հանդէպ Պէյրութի «Ազդակ» օրաթերթի հիմնադիր տնօրէն Հայկ Պալեանին, վերջինիս դուստրը՝ Անի Պոյաճեանը, հիւրին յանձնեց նշեալ միութեան գնահատագիրը:
Լոս Անճելըսի Հայ այնթապցիներու մշակութային միութեան անունով ելոյթ ունեցաւ հանրածանօթ ճարտարապետ Սարգիս Պալմանուկեան, որ իր կարգին հիւր գրագէտին հետ ունեցած միութենական եւ ազգային կեանքէն յուշեր ներկայացուց: «Թորանեան ոչ միայն գրագէտ է այլեւ՝ խմբագիր: Ան խիզախ եւ յանդուգն ալ է: Մէկ խօսքով հայապահպանութեամբ մեծագոյն մտահոգներէն մէկը, որ միաժամանակ եզակի երեւոյթ մըն է, թէ հայրենիքի եւ թէ Սփիւռքի տարածքին», ըսաւ ան:
Ապա Պալմանուկեան բեմ հրաւիրեց վաստակաշատ տնօրէն եւ կրթական մշակ Երուանդ Պապայեանն ու միութեան ատենապետ Աւետիս Նազարեանը, որոնք յուշատախտակ մը յանձնեցին հիւր գրագէտին:
Յանուն Ամերիկայի հայ գրողներու միութեան, խօսք առաւ Թորգոմ Փոսթաճեան, որ գրագէտ բժիշկը նմանցուց ֆրանսացի գրող Պոտլէրի «Ալպաթրոս»ին՝ ծովային թռչունին, որ քալել չի գիտեր, սակայն ճախրելով ովկիաններ կը կտրէ: «Թորոս Թորանեանի մօտ հայ գրականութեան լոյսը միշտ վառ մնացած է», ամբողջացուց ան:
Ապա, «Նոր Կեանք» շաբաթաթերթի կողմէ խօսք առնելով՝ տնօրէն եւ խմբագիր Գրիգոր Շէնեան նախ պատմեց գրագէտ Թորանեանի հետ ապրած պատանեկութեան յուշերը եւ շեշտեց, թէ իբրեւ մեծ մրցանիշ, «բժիշկ Թորոս Թորանեան իր ինքնագիր հատորներով միատեղ, ցարդ հրատարակած է 217 գիրքեր»: Մեկնելով գրագէտին կատարած անթիւ շրջապտոյտներէն՝ իր խօսքի աւարտին խմբագիր Շէնեան հիւր գրագէտը անուանեց «Թորոս աշխարհաքաղաքացի»:
Թորոս Թորանեան՝ իբրեւ «Նոր Օր» թերթի վաղեմի թղթակից, ներկայացուց դոկտ. Մինաս Գոճայեանը: Ան շեշտեց, թէ գրագէտը իր այս անսահման եւ անխոնջ աշխատանքով մեր նոր սերունդին նոր ուժ եւ նոր արեւ կու տայ: «Օրին թերթի խմբագիր Անդրանիկ Անդրէասեան Թորանեանի գրիչին մէջ գտած էր ապագայ գրագէտը», աւելցուց Գոճայեան եւ հրաւիրեց թերթի խմբագրական կազմի անդամ Եղիա Գայայեանը, որ յուշանուէր մը յանձնէ գրագէտին:
Իր կարգին, իբրեւ երախատագիտութիւն եւ շնորհակալութիւն, գրագէտ բժիշկ Թորոս Թորանեան ձեռնարկի աւարտին սրտի խօսքերով ելոյթ ունեցաւ: Խորքին մէջ այս մէկը հայ հանրութեան հրամցուած հայ գրագէտի սիրտէն եւ հոգիէն բխող կոչ մըն էր: «Ազգային գործերէն հանգստեան կոչուիլ չկայ: Մեր բոլոր կազմակերպութիւնները հայութիւնը հայ պահելու համար ծնած են: Անոր համար ամբողջ մեր կեանքի ընթացքին պէտք է, որ մեր բոլոր կազմակերպութիւններուն նեցուկ կանգնինք», շեշտեց մեծարեալ հիւրը: Ան բարի յիշեց նաեւ խմբագիր Անդրէասեանն ու Ալէքս Գըլըճեանը ու իր խօսքերը համեմեց օրինակելի յուշերով: «Ստրկամտութիւնը տիրապետած է մեր արեան հոսքին: Մեր վրայ պէտք է հաւատք ունենանք», եզրակացուց ան:
Աւարտին տեղի ունեցաւ հարց պատասխանի բաժին, որմէ ետք ծննդեան տարեդարձի կարկանդակը հատեց հիւր գրագէտը եւ ապա ներկաները առիթ ունեցան աւելի սրտաբաց ու մտերմիկ զրուցելու հալէպահայ մեծ գրագէտին հետ:
kevork jan inchbes mishd shad lav nergayatzuzaz es ,toranyani hantibman masin .garzes hon eyi
parevner
bye..