ԿԼԷՆՏԷՅԼ.- Դաւթեան եւ Մարիամեան Կրթական հաստատութիւնը աւելի քան 22 տարիէ ի վեր պետական դպրոցներ յաճախող հայ երեխաներուն հայոց լեզու եւ մշակոյթ կը դասաւանդէ եւ հայ մատղաշ սերունդի հայեցի կրթութեան մարզէն ներս ազգանուէր գործունէութիւն կը տանի։
Հաստատութիւնը ներկայիս կը ծրագրէ կազմակերպել իր երկրորդ Թելեթոնը, որ տեղի պիտի ունենայ սոյն թուականի Յունիս 14ին, երեկոյեան ժամը 6:00էն մինչեւ կէս գիշեր՝ «Հորիզոն» պատկերասփիւռի 285րդ ալիքին վրայ («Հորիզոն» 24 ժամեայ հայկական հեռուստակայան. Charter Communications: HORIZON Channel 285, HORIZON Webcast, www.horizonarmeniantv.com):
Գոյացած գումարը պիտի յատկացուի Կլէնտէյլի ու մերձակայ քաղաքներու ամերիկեան-պետական 29 դպրոցներու մէջ կազմակերպուած հայերէնի դասընթացքներու ընդարձակման ու որակի բարձրացման, որուն շնորհիւ աւելի քան 1000 հայ աշակերտներ իրենց մայրենի լեզուն կը սորվին եւ ազգային մշակոյթին կը ծանօթանան։
Դաւթեան եւ Մարիամեան Կրթական հաստատութիւնը հիմնուած է 1987 թուականին: Ան ոչ-պետական, ոչ-հասութաբեր (501 C 3) եւ անկախ կազմակերպութիւն է, որուն առաքելութիւնն է պետական դպրոցներու մէջ հայերէնի արտաժամեայ (after school) բարձրորակ դասընթացքներ կազմակերպել, հայ աշակերտներուն ջամբել հայեցի կրթութիւն եւ անոնց մէջ վառ պահել հայրենասիրութիւնը, մայրենի լեզուին ու մշակոյթին սէրը, ինչպէս նաեւ քաջալերել կրթութեան բարձր արժէքը։
Մանրամասնութիւններու համար այցելել Դաւթեան եւ Մարիամեան Կրթական հաստատութեան կայքէջը՝ www.DMEF.org եւ/կամ հեռախօսել հաստատութեան գրասենեակ (818) 548-8461 համարով։