ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Փանորամա».- ԼՂՀ նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան վարչութիւնը հաղորդած է, թէ 7 Մայիսին, ԼՂՀ նախագահ Բակօ Սահակեան կազմակերպած է աշխատանքային խորհրդակցութիւն մը՝ Յաղթանակի տօնի, ԼՂՀ պաշտպանութեան բանակի եւ Շուշիի ազատագրման օրուան նուիրուած տօնակատարութիւններուն վերաբերեալ: Խորհրդակցութեան մասնակցած են ԼՂՀ Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեան, վարչապետ Արա Յարութիւնեան, պաշտպանութեան նախարարութեան եւ իրաւապահ մարմիններու ղեկավարները ու այլ պաշտօնատար անձինք:
Հանդիպման, նախագահը զեկուցած է տօնական միջոցառումներու ծրագիրին եւ անոնց նախապատրաստական աշխատանքներու ընթացքին մասին, եւ համապատասխան յորդորներ տուած է՝ նախատեսուած տօնակատարութիւնները պատշաճ մակարդակով կայացնելու ուղղութեամբ: