ԵՐԵՒԱՆ.- Հինգշաբթի օր, Հայաստանի կառավարութիւնը իր հերթական նիստին ընթացքին հաստատած է Երեւան քաղաքի նորընտիր աւագանիի առաջին նիստը վարելու կանոնակարգը: Կառավարութիւնը նաեւ որոշած է, որ Երեւանի ընտրեալ քաղաքապետը իր պաշտօնը ստանձնելու երդում կատարէ:
Նոյն նիստին ընթացքին, կառավարութեան մէկ այլ որոշումով, սփիւռքի նախարարութեան յատկացուած պիւտճէէն 8 միլիոն 250 հազար դրամ պիտի վերապահուի գրական գործեր հրատարակելու, 25 միլիոն դրամ պիտի վերապահուի «տեղեկատուական եւ ուսուցողական կայքերու մշակման եւ սպասարկման ծառայութիւններ»ու ստեղծման ու զարգացման, իսկ 1 միլիոն 500 հազար դրամ՝ Հայաստան-Սփիւռք հեռահար խորհրդաժողովներու կազմակերպման համար:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.