ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- Հայ-թրքական «Ճանապարհային Քարտէս»ին դէմ բողոքելով Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Հայաստանի կառավարութենէն հրաժարումի լոյսին տակ, Հայաստանի նախագահի մամլոյ գրասենեակը տեղեկացուցած է, թէ Ազգային ժողովի Արտաքին յարաբերութիւններու մշտական յանձնախումբի նախագահ Արմէն Ռուստամեան Մայիս 6ին դիմում ներկայացուցած է Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանին՝ զինք Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի անդամի պարտականութիւններէն ազատ կացուցանելու համար: Հանրապետութեան նախագահը ընդունած է հրաժարականը: Նոյն օրը կառավարութեան մամլոյ վարչութիւնը հաղորդած է, թէ վարչապետ Տիգրան Սարգսեան ընդունած է նաեւ ՀՅԴ անդամ Կառլեն Գէորգեանի հրաժարականը՝ քաղաքաշինութեան նախարարի տեղակալի պաշտօնէն: Ընդունուած է նաեւ Արագածոտնի մարզպետ Գաբրիէլ Գէօզալեանի հրաժարականը:
Մայիս 7ին «Իրաւունք de facto» ակումբին մէջ տեղի ունեցած ասուլիսին ելոյթ ունենալով՝ Արծուիկ Մինասեան հերքած է ՀՅԴին կողմէ գիւղատնտեսութեան նախարարի պաշտօնը պահելու մասին՝ մամլոյ տարածած տեղեկութիւնները. «Դա իրականութեանը չի համապատասխանում: Դաշնակցութիւնը յայտարարեց կոալիցիայից դուրս գալու մասին, տասնեակից աւելի գործադիրի պաշտօնները վայր դնելու հրաժարականները ներկայացուած են», յայտնեց Մինասեան, որ կը յուսայ, թէ այսօր՝ Մայիս 8ին, վերջնականապէս բոլոր հրաժարականները ընդունուած կ՛ըլլան:
Անոր համաձայն, դաշնակցական նախարարներու, բարձրաստիճան պաշտօնեաներու, ԱԺ յանձնախումբերու ղեկավարներու, մարզպետներու եւ պաշտօնակատարներու հրաժարականներուն ընդունումը ուշացած է՝ համապատասխան թեկնածուներ գտնելու ընթացքի ուշացման հետեւանքով, իսկ ԱԺ երկու յանձնախումբերու ղեկավարներու պաշտօնները պահելու հարցին անդրադառնալով՝ Արծուիկ Մինասեան նշած է, որ նշեալ երկու ղեկավարներէն Արթուր Աղաբէկեանը արդէն ներկայացուցած է իր հրաժարականը: Սակայն Մինասեանի կարծիքով, մօտէն տեղեկութիւններ ստանալու եւ կանխարգելիչ դիրք պահելու տեսակէտէն, «Դաշնակցութիւնը, ունենալով այս երկու յանձնաժողովները՝ հնարաւորութիւն է ունենալու ուժեղացնել խորհրդարանական ընդդիմութեան դերակատարութիւնը», ըսած է Ա. Մինասեան՝ հաստատելով, որ ԱԺի այս երկու պաշտօնները պահելը «իշխանութեան կամ կառավարող կոալիցիայի մէջ մնալու ո՛չ ձգտում է, ո՛չ էլ առիթ կամ պատճառ. սա ընդդիմութիւնն ուժեղացնելու եւս մէկ հնարաւորութիւն է»: