ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
Մէկ տարի առաջ Թուրքիոյ հայոց յիսուներեքամեայ պատրիարք Մեսրոպ Մութաֆեան անակնկալօրէն յայտնաբերեց, թէ տկարացնող եւ ըստ երեւոյթին անբուժելի հիւանդութենէ մը կը տառապի։ Անոր պաշտօնական պարտականութիւնները ժամանակաւորապէս ստանձնուեցան յիսունհինգամեայ արքեպիսկոպոս Արամ Աթեսեանի եւ ութսուներեքամեայ արքեպիսկոպոս Շահան Սվաճեանի կողմէ։
Շատ շփոթեցուցիչ հարցումներ կան պատրիարքին հիւանդութեան պատճառներուն շուրջ։ Անոր բժիշկները կ՛ըսեն, թէ ան կը տառապի ջղային դրութեան անորոշ խանգարումէ մը, ինչպէս նաեւ յիշողութեան կորուստէ։
Պոլսոյ հայ համայնքի անդամներ հակասական կարծիքներ արտայայտած են պատրիարքը փոխարինելու անհրաժեշտութեան մասին։ Փոխանորդ մը ընտրելը հարց է, տրուած ըլլալով, որ պատրիարքները ընդհանրապէս ցմահ կը ծառայեն։ Սակայն այդ ձեւի կարեւոր դիրք մը կարելի չէ թափուր ձգել երկար ժամանակուան համար։ Պատրիարք Մութաֆեան իր պաշտօնին ընտրուեցաւ 1998ին։
Ամբողջ աշխարհի մէջ կան շուրջ տասը հայ կղերներ, որոնք ատակ են թեկնածուներ ըլլալու պատրիարքական այդ աթոռը գրաւելուն, տրուած ըլլալով, որ թրքական օրէնքը չ՛արտօներ այդ պաշտօնին համար նշանակել մէկը, որ Թուրքիոյ մէջ ծնած չէ։ Տասը թեկնածուներէն երկուքը կը բնակին Պոլսոյ մէջ, մինչ միւսները կը գտնուին Հայաստան, Միացեալ Նահանգներ եւ Գերմանիա։
Նկատի ունենալով, որ արք. Աթեսեան արդէն իսկ ստանձնած է պատրիարքական պարտականութիւններուն մեծ մասը, ան կրնայ առաջնակարգ դիրք գրաւել այդ պաշտօնին ստանձնման համար՝ յառաջիկային կատարուելիք ընտրութիւններուն թեկնածութեան մէջ։ Ուստի կարեւոր է, որ հայ համայնքը տեղեկանայ անոր անցեալին, գործերուն եւ կատարած յայտարարութիւններուն մասին։
Պատրիարքական նախկին ընտրութիւններուն, Թուրքիոյ կառավարութիւնը տեղական հայկական համայնքին մատնանշած էր իր նախընտրած թեկնածուն։ Նախընտրելի ըլլալու ցուցանիշ մըն է թեկնածուի Անգարա հրաւիրուիլը՝ «խորհրդատուութեան» համար։
Հայ-թրքական հարցերուն մէջ անոր դիրքը հասկնալու համար, ստորեւ կու տանք կարգ մը հատուածներ՝ գերմանական հանրածանօթ «Տեր Շփիկըլ» օրաթերթի ելեկտրոնային տարբերակին՝ «Շփիկըլ Անլայն»ին, անոր տուած երկար հարցազրոյցէն։ Հարցազրոյցը կատարուած էր անցեալ ամիս Պոսլոյ մէջ, նախագահ Օպամային հետ արքեպիսկոպոսին, հրեայ ռապիին, Ասորի ուղղափառ եկեղեցւոյ պատրիարքական տեղակալին եւ Պոլսոյ իսլամ մուֆթիին ունեցած հանդիպումէն կարճ ժամանակ ետք։ Յոյն պատրիարքը առանձին հանդիպում ունեցաւ Միացեալ Նահանգներու նախագահին հետ։
Արք. Աթեսեան «Շփիկըլ»ին ըսաւ, թէ՝ ինք «խօսած էր նախագահ Օպամային հետ 1915ի դէպքերուն մասին եւ անոր ըսած էր, թէ երկու ժողովուրդներն ալ տուժած էին»։ Ան նաեւ նախագահին ըսած էր. «Մենք՝ թրքահայերս, ամուսնալուծուած զոյգի մը զաւակներուն կը նմանինք։ Թրքերէնով մեր երկիրը կը կոչենք «անաւաթան», որ կը նշանակէ «մայր երկիր», իսկ հայերէնով զայն կը կոչենք «հայրենիք», որ անգլերէնով կը թարգմանուի «ֆատըրլանտ»։ Մենք մեր մօրը հետ ապրած ենք վերջին ութսուն տարիներուն։ Հիմա կ՛ուզենք, որ մեր ծնողքը վերջապէս հաշտուին»։
Խօսելով նախագահ Օպամայի 24 Ապրիլի յայտարարութեան մասին՝ արք. Աթեսեան նշած է. «Թուրքիոյ կառավարութիւնը ուրախ չէ Միացեալ Նահանգներու նախագահին կողմէ «Մեծ Եղեռն»՝ «Մեծ Աղէտ», եզրին գործածութեամբ։ Ատիկա հայերուն կողմէ գործածուած անունն է 1915ի դէպքերը նկարագրելու, որ հիմնականօրէն նոյն բանը կը նշանակէ։ Բայց հայերուն մէջ եւս որոշ յուսախաբութիւն կայ։ Շատեր կ՛ուզէին, որ ան որոշակի կերպով «Ճի»ով սկսող բառը («Ճենոսայտ» հայերէնով՝ Ցեղասպանութիւն-«Ա.») գործածէ։ Բայց անշուշտ ան այդ մէկը չըրաւ։ Միացեալ Նահանգները պէտք ունի Թուրքիոյ, որ անոր ամէնէն կարեւոր ռազմավարական գործակիցներէն մէկն է»։
Արք. Աթեսեան շարունակեց բացատրել, թէ՝ «Հայերը Անատոլուի հողին վրայ ապրած են վերջին երկու հազար տարիներուն, եւ այդ ընթացքին անոնք այդ հողը բաժնեկցած են թուրքերուն հետ։ Մեր ժողովուրդները եղբայրներու պէս էին, մինչեւ 1915ի ողբերգական դէպքերը։ Ներկայիս դարձեալ կայ յոյս մը, որ պէտք չէ բախտախաղի տալով՝ կորսնցնենք։ Ուստի յաջորդ քայլը Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ դիւանագիտական մերձեցումն է, որուն կը յաջորդէ սահմաններու բացումը»։ Հետաքրքրական է այն, որ ան ուղղակիօրէն չնշեց «պատմական յանձնաժողով»ի մը կազմութեան հարցը, որուն մասին շատ կը խօսուի. ան հաստատեց, թէ՝ «Մեր պատմութեան աւելի մօտէն քննութիւն մը պիտի չկատարուի ներկայիս»։
Պատասխանելով Հայկական Սփիւռքի Ցեղասպանութեան ճանաչման պահանջին մասին հարցումի մը՝ արք. Աթեսեան հետեւեալը պատասխանեց մեծ զգուշութեամբ. «Ես չեմ ուզեր դատել զիրենք։ Ես չեմ ուզեր ոեւէ մէկը դատել։ Ես կղերական եմ, իմ պարտականութիւնս չէ պատմական ուսումնասիրութիւն կատարել կամ յանցանքի վերաբերող հարցումներ վեր առնել։ Միակ բանը, որ կ՛ուզեմ ըսել իմ հայ եւ թուրք պաշտօնակիցներուս հետեւեալն է. մենք գիտենք, որ սոսկալի բան մը պատահեցաւ իմ ժողովուրդիս 1915ին։ Մենք նաեւ գիտենք, որ թուրքերն ու իսլամները եւս տուժեցին։ Առաւել գիտենք, որ այսօր առիթ մը կը տրուի մեր ժողովուրդներուն, որ իրարու հետ կապակցութիւն ունենան»։ Ապա արք. Աթեսեան ակնարկութիւն ըրաւ Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած վերջին զարգացումներուն մասին. «Այո՛, վստահաբար մտայնութեան փոփոխութիւն մը կայ Թուրքիոյ մէջ։ Տասը տարի առաջ ոչ ոք քաջութիւնը պիտի ունենար 1915ի դէպքերուն մասին հարցումներ հարցնելու։ Այդ վախը նահանջած է. այսօր կարելի է գրել այդ մասին եւ հեռատեսիլէն քննարկել զայն։ 1990ականներուն հետ բաղդատաբար, այս երկրին մարդկային իրաւանց մարզը մեծ յառաջխաղացք արձանագրած է։ Ասիկա նաեւ կ՛ազդէ մեր կրօնքը կիրարկելու (ապրելու) եղանակին վրայ։ Մենք այսօր կրնանք ազատօրէն վերանորոգել մեր եկեղեցիները։ Մինչեւ վերջերս մենք կառավարութենէն արտօնութիւն պէտք էր առնէինք իւրաքանչիւր նոր գամի համար, զոր կ՛ուզէինք գամել… Անգիր օրէնք է այս երկրին մէջ, որ քրիստոնեայ մը չի կրնար կառավարութեան անդամ կամ բանակային ըլլալ։ Բայց ես կը հաւատամ, որ այդ ալ կրնայ փոխուիլ ապագային»։
Այս ձեւի հարցազրոյցներ տալուն խնդիրը այն է, որ Թուրքիոյ մէջ հայ կղերը չափազանց զգոյշ պէտք է ըլլայ հանրային իր հրապարակումներուն մէջ, տրուած ըլլալով, որ երկրի դրակոնեան (չափազանց խիստ) օրէնքները կը կաշկանդեն խօսքի ազատութիւնը։ Մէկ սխալ բառ, եւ իրենք զիրենք բանտը կը գտնեն կամ՝ աւելի գէշը տակաւին։ Այս պարագային արք. Աթեսեան յաւելեալ պատճառ մըն ալ ունի. ան կա՛մ կրնայ ինքզինք հաճելի դարձնել թրքական կառավարութեան, կա՛մ այնպէս ընել, որ անոնք վեթոյի ուժ բանեցնեն իր պատրիարքական թեկնածութեան դէմ։
Թուրքիոյ մէջ հայ կղերին համար ամէնէն իմաստուն բանը բացարձակապէս կրօնական հարցերով զբաղիլն է, առանց քաղաքականութեան մասին խօսելու, այդպիսով խուսափելով թրքական կառավարութեան կողմէ իբրեւ քարոզչական զէնք գործածուելու հաւանականութենէն։
«Տը Քալիֆորնիա Քուրիըր»ի Խմբագիր