«Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը տեղեկացնէ, թէ Երեքշաբթի, Մայիս 5ի երեկոյեան, Իսրայէլի խորհրդարանը միաձայնութեամբ քուէարկած է Հայկական Ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւին նախագիծը քննելու ի նպաստ: Քուէարկութեան մասնակցած են 39 պատգամաւորներ:
Խորհրդարանը իր յառաջիկայ նիստերուն պիտի որոշէ, թէ որ յանձնաժողովը պիտի ուսումնասիրէ հարցը: Կրնայ նաեւ այս հարցով յատուկ յանձնաժողով մը կազմուիլ:
Անցեալ տարի եւս նման որոշում մը տրուած էր խորհրդարանին կողմէ, սակայն որոշումէն ետք թրքական կողմին բանեցուցած ճնշումներուն հետեւանքով, հարցը տեղափոխուած էր խորհրդարանի Արտաքին յարաբերութիւններու եւ պաշտպանութեան հարցերու յանձնաժողով, ուր բանաձեւը վաւերացուելու յոյս չկար եւ այդպէս ալ չվաւերացուեցաւ:
Նոր խորհրդարանական ընտրութիւններէն ու կառավարութեան ձեւաւորումէն ետք, նախագիծի հեղինակի՝ «Մերեց» կուսակցութեան նախագահ, երեսփոխան Խայիմ Օրոնի նախաձեռնութեամբ, դարձեալ խորհրդարանին ներկայացուեցաւ Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւը:
Իսրայէլի Հայ Դատի յանձնախումբի Երուսաղէմի պատասխանատու, պատմաբան Ժորժէթ Աւագեան կը տեղեկացնէ, թէ խորհրդարանի Երեքշաբթի օրուան նիստին ընթացքին նախ խօսք առած է Օրոնը, ապա՝ հայ համայնքի ներկայացուցիչները:
Օրոն անգամ մը եւս շեշտած է, թէ Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչումը պէտք է կատարել ոչ միայն հայերուն համար, այլ նաեւ Իսրայէլի համար, յիշեցնելով, որ հրէական ողջակիզումը ուրացողները ե՛ւս կը փափաքին հարցը «պատմաբաններու յանձնել», ինչպէս որ Հայկական Ցեղասպանութիւնը ուրացողները կը փափաքին: Ան շեշտեց, թէ հարցը պէտք է քննուի Կրթական յանձնախումբին կողմէ:
Առաջարկին դէմ արտայայտուեցաւ կառավարութիւնը ներկայացնող երեսփոխան Կիլատ Էրտան, որ Իսրայէլի «բարոյական պարտականութիւնն է հայերու սպանութիւնը յիշելը» յայտնելէ ետք՝ աւելցուց, թէ հարցը պէտք չէ քննուի խորհրդարանին մէջ: «Իսրայէլ երբեք չէ հերքած հայերու դէմ կատարուած ահաւոր դէպքերը», նշեց ան:
«Մենք ըսինք, որ բանաձեւը պէտք չէ մերժուի թուրքերուն ճնշումներուն հետեւանքով եւ յիշեցուցինք, որ թուրքերը Կազայի հարցով ըսին, որ մենք ցեղասպանութիւն գործեցինք», կը յայտնէ Աւագեան:
Քննարկման ներկայ գտնուող հայկական 20 հոգինոց պատուիրակութիւնը գլխաւորած է Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքարանի արտաքին կապերու բաժնի վարիչ Արիս արք. Շիրվանեան:
Աւագեան յայտնեց, որ Հայ Դատի յանձնախումբը արդէն իսկ կապ հաստատած է Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարարութեան, խորհրդարանականներուն եւ կառավարութեան հետ: Անոր համաձայն, վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի գրասենեակէն երեք շաբաթ առաջ իրենց փոխանցած են, թէ վարչապետը «անձամբ խոստացած է հետեւել այդ հարցին»:
Նշենք, որ Իսրայէլի եւ Թուրքիոյ յարաբերութիւններուն միջեւ լարուածութիւն յառաջացաւ Կազայի մէջ իսրայէլեան զինուորական ուժերու ռազմական գործողութիւններուն հետեւանքով: Արդարեւ, Յունուարին, Տավոսի տնտեսական համաժողովին ընթացքին, Թուրքիոյ վարչապետ Ռէչէփ Թայիփ Էրտողան խիստ քննադատութեան ենթարկած էր Իսրայէլի նախագահ Շիմոն Փերէզը՝ Կազայի գործողութիւններուն համար, ու լքած էր դահլիճը: