Ուրբաթ եւ Շաբաթ, Մայիս 1-2ին կայացած Հայց. եկեղեցւոյ Արեւմտեան թեմի Պատգամաւորական 82րդ ժողովին ընթացքին, Յովնան արք. Տէրտէրեան եօթնամեայ նոր պաշտօնավարութեան համար առաջնորդ վերընտրուեցաւ ժողովին կողմէ:
Պատգամաւորական ներկայ գտնուող եւ քուէարակող 109 պատգամաւորներէն 88 պատգամաւորներ ընտրեցին աթոռակալ առաջնորդը՝ եօթը տարուան նոր շրջանի մը համար, որ պիտի սկսի յառաջիկայ տարուան Մայիսէն:
Պատգամաւորական 82րդ ժողովին մասին յաւելեալ տեղեկութիւններ կը փոխանցենք յաջորդիւ: