Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան վաղը՝ Մայիս 7ին, երկօրեայ աշխատանքային այցելութեամբ պիտի մեկնի Փրակա, մասնակցելու համար Եւրոմիութեան «Արեւելեան գործընկերութեան» վեհաժողովին, ուր կը նախատեսուի, որ Ս. Սարգսեան ելոյթ մը ունենայ:
Վեհաժողովի ծիրէն ներս ծրագրուած է նաեւ Սարգսեան-Ալիեւ հանդիպում մը՝ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման առնչութեամբ:
Չեխիոյ մայրաքաղաքին մէջ Հայաստանի հանրապետութեան նախագահը աշխատանքային հանդիպումներ պիտի ունենայ նաեւ Ուքրանիոյ նախագահ Վիքթոր Եուշչենքոյի եւ Թուրքիոյ նախագահ Ապտուլլահ Կիւլի հետ՝ վերջիններուն նախաձեռնութեամբ: