ԵՐԵՒԱՆ.- Ինչպէս անցեալ շաբաթ օրուան մեր թիւով տեղեկագրած էինք, ՀՅԴի անդամ Արթուր Աղաբէկեան հրաժարած է Ազգային ժողովի պաշտպանութեան, ներքին գործերու եւ անվտանգութեան հարցերով զբաղող մշտական յանձնաժողովի նախագահի իր պաշտօնէն:
«Կոալիցիա»ի համաձայնութեան ծիրէն ներս այդ պաշտօնը յատկացուած էր Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան: Կառավարութեան կազմէն դուրս գալու բերումով, դաշնակցական պատգամաւորը պէտք է հրաժարէր այդ պաշտօնէն: Սակայն Ազգային ժողովի նախագահ Յովիկ Աբրահամեանի առաջարկը ընդունելով՝ ՀՅԴ Գերագոյն մարմինը որոշած էր պահել ազգային ժողովին մէջ իրեն վերապահուած երկու մշտական յանձնաժողովներու նախագահութիւնը: Այսուհանդերձ, յարգելով Արթուր Աղաբէկեանի դիմումը՝ ՀՅԴ Գերագոյն մարմինը համաձայնած է զայն փոխարինել ուրիշ կուսակցականով մը, որուն անունը պիտի որոշուի այս օրերուն:
Նշենք, որ Արթուր Աղաբէկեան հրաժարած է նաեւ ՆԱԹՕի խորհրդարանական վեհաժողովին մօտ հայկական խորհրդարանական պատուիրակութեան ղեկավարի իր պաշտօնէն: