ԾԱՂԿԱՁՈՐ, «Թերթ».- Առաջին անգամ ըլլալով, Հայաստանի մէջ Մայիս 3-4ին կազմակերպուեցաւ երիտասարդ քաղաքական գործիչներու երկօրեայ հանդիպում-քննարկում, որուն մասնակցած էին եւրոպական 19 երկիրներէ ժամանած 30 երիտասարդ քաղաքական գործիչներ:
Երիտասարդ գործիչները հանդիպման առաջին օրը Մայր աթոռ Ս. Էջմիածինի մէջ այցելեցին Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսին, որ քաղաքական գործիչներուն ներկայացուց Ս. Էջմիածինի հիմնադրման պատմութիւնը, Հայ եկեղեցւոյ առաքելութիւնը հայ ժողովուրդի կեանքէն ներս եւ փոխուող աշխարհի մարտահրաւէրները դիմագրաւելու գործունէութիւնը:
Ծաղկաձորի մէջ շարունակուած հանդիպման գլխաւոր նիւթերն էին ղարաբաղեան հիմնախնդիրը, հայ-թրքական յարաբերութիւններու հաստատումը եւ համաշխարհային տնտեսական ճգնաժամը:
Մայիս 4ին, նշեալ հանդիպման իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանը, որ ելոյթ ունենալով հաստատեց, թէ երիտասարդ քաղաքական առաջնորդներու հանդիպումը առիթ մըն է, որ անոնք կարենան «քննարկել բազմաթիւ հարցեր, կիսուել գաղափարներով, ծանօթանալ, փոխանակել մտքեր, նաեւ փորձ»: Նախագահը նաեւ ներկայացուց ղարաբաղեան հիմնախնդիրի վերաբերեալ Հայաստանի դիրքորոշումը եւ վերջին զարգացումները:
Նշենք, որ քննարկման մասնակիցները հանդիպեցան նաեւ Հայաստանի վարչապետ Տիգրան Սարգսեանի հետ: