«Ասպարէզ» կը միանայ Կլէնտէյլի Հայ Դատի Քաղաքական գործի յանձնախումբին՝ սատարելով իր զօրակցած թեկնածուներու ցուցակին:
Յանձնախումբէն ստացած հաղորդագրութեան համաձայն, Կլէնտէյլի Հայ Դատի Քաղաքական գործի յանձնախումբը, նախքան իր ցուցակը կազմելը, բազմաթիւ հարցազրոյցներ կատարած է թեկնածուներուն հետ, նաեւ՝ խորհրդակցած է համայնքին մէջ գործող հասարակական կազմակերպութիւններու ղեկավարներու եւ քաղաքական գործիչներու հետ:
Հայ Դատի Քաղաքական գործի յանձնախումբը որոշած է սատարել
Քաղաքային խորհուրդի թեկնածուներէն՝
ԱՐԱ ՆԱՃԱՐԵԱՆին
ՊԱՊ ԵՈՒՍՈՒՖԵԱՆին.
Գանձապահի պաշտօնին համար՝
ՐԱՖՖԻ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆին.
Գործավարի պաշտօնին համար՝
ԱՐՏԱՇԷՍ ՔԱՍԱԽԵԱՆին.
Միաւորուած կրթաշրջանի դպրոցներու Կրթական խորհուրդի թեկնածուներէն՝
ԷՌԻԿ ՍԱՀԱԿԵԱՆին
ՔՐԻՍՏԻՆ ՈՒԱԼԹԸՐԶին.
Համայնքային քոլէճի Հոգաբարձուներու խորհուրդին համար՝
ԴՈԿՏ. ԱՐՄԻՆԷ ՅԱԿՈԲԵԱՆին
ԱՆԻԹԱ ԳԱԲՐԻԷԼԵԱՆին
ԱՆ ՐԱՆՍՖԸՐԴին.
«Այս տարուան թեկնածուներու հաստատման գործընթացին մէջ նկատի առնուած են հարցերու լայն շրջանակ մը, որ ծառացած է մեր քաղաքի բնակչութեան առջեւ, եւ որուն լուծումներ պիտի փորձեն տալ Ապրիլ 7ին ընտրուող թեկնածուները: Մենք կը հաւատանք, որ մեր հաստատած թեկնածուները լաւագոյնս պիտի ծառայեն Կլէնտէյլ քաղաքին, մանաւանդ այս ճգնաժամային օրերուն: Մենք պիտի համագործակցինք բոլոր անոնց հետ, որոնք կ’ուզեն շինիչ դեր խաղալ եւ դիմագրաւել մեր քաղաքին առջեւ ծառացած բազմաթիւ մարտահրաւէրները», յայտնած է Կլէնտէյլի Հայ Դատի Քաղաքական գործի յանձնախումբի նախագահ Զանգու Արմէնեանը:
Յանձնախումբին քննարկումներն ու արժեւորումները գլխաւորաբար հիմնուած են թեկնածուի ղեկավար ըլլալու կարողականութեան, հաշուետու ըլլալու պատրաստակամութեան եւ համայնքի տարբեր հատուածները իրարու շաղկապելու յանձնառութեան վրայ:
Քաղաքային խորհուրդի թեկնածուներուն պարագային, մասնաւորաբար նկատի առնուած են Քաղաքի պիւտճէական մարտահրաւէրները, հանրային ապահովութիւնը, բնակարանային, զարգացման, ազատ տարածքներու եւ արուեստի հարցերը, պաշտօնէութեան բազմերանգութիւնը, մշակութային նրբանկատութիւնը եւ համայնքին հետ կապի կարեւոր հարցերը:
Քաղաքի գործավարի ընտրութեան պարագային, յանձնախումբը կարեւորութիւն տուած է թեկնածուներու յանձնառութեան՝ աւելի մեծ թիւով քուէարկողներու արձանագրութեան, աւելի լայն խաւերու քաղաքացիական աշխատանքներու ներգրաւման եւ քուէարկողներու դաստիարակութեան ոլորտներուն մէջ:
Նիւթական հաշուետուութիւնը եւ ֆինանսական ծրագրաւորումը հիմնական չափանիշներն էին Քաղաքի գանձապահի լաւագոյն թեկնածուի ընտրութեան պարագային:
Միաւորուած կրթաշրջանի դպրոցներու Կրթական խորհուրդի թեկնածուները արժեւորուեցան՝ նկատի ունենալով անոնց յանձնառութիւնն ու դրական գործունէութիւնը շարք մը հարցերու կապակցութեամբ, որոնցմէ կարեւորագոյններն էին դպրոցներու ապահովութիւնը, ծնողներու ներգրաւման ապահովումը, ուսուցիչներու տարբեր շրջանակներէ եկած ըլլալը, մշակութային զգայնութիւնները եւ համայնքի հետ բոլոր միջոցներով կենդանի կապի հաստատումը:
Համայնքային քոլէճի Հոգաբարձուներու խորհուրդի թեկնածուներու արժեւորումը կատարուած է հիմնուելով շարք մը հարցերու քննարկման վրայ. անոնց կարգին էին ուսանողական ծրագիրները, պաշտօնէութեան բազմատարրութեան ապահովումը, Կարֆիլտ մասնաբաժինի ընդլայնումը, քոլէճի ապահովութիւնը եւ ուսանողներու՝ քոլէճէն համալսարան փոխանցման դրոյքն ու վիճակագրական պատկերը:
Յառաջիկայ շաբաթէն սկսեալ, Կլէնտէյլի Հայ Դատի Քաղաքական գործի յանձնախումբի (ANCG-PAC) ընտրական կեդրոնական գրասենեակը իր աշխատանքները պիտի վարէ 419 W. Colorado St., Glendale CA 91204 հասցէէն: ANCG-PAC-ի ընտրական գրասենեակը պիտի աշխատի յանձնախումբի հովանաւորած թեկնածուներու անուանացանկը տարածելու, քաղաքացիներու մասնակցութիւնը խրախուսելու եւ քուէարկողները արձանագրելու եւ պատրաստելու ուղղութեամբ: Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար կրնաք կապուիլ (818) 484-8417 հեռախօսի թիւին, կամ այցելել www.ancgpac.com կայքէջը:
Կլէնտէյլի Հայ Դատի Քաղաքական գործի յանձնախումբը քաղաքական, ոչ-շահութաբեր հաստատութիւն է, որ կ’աշխատի ապահովել եւ ընդլայնել քաղաքացիներու ներգրաւումը քաղաքական գործունէութեանց մէջ: