ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն առաջադրեց 2009ի Լիբանանի երեսփոխանական ընտրութիւններուն հայ թեկնածուները։ Քաղաքական կարգախօս-առաջադրանքով՝ Հայկական երեսփոխանական պլոքի յառաջիկայ կազմը։
Օրինաչափ էր լիբանանեան զանգուածային լրատուամիջոցներու հետաքրքրութեան չափն ու տարողութիւնը։ Անոնք փութացած էին կանուխէն «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» սրահ ակնդէտ հետեւելու համար Դաշնակցութեան յայտարարութիւններուն եւ անոր առաջադրած թեկնածուներու ներկայացման։ Թէ՛ երէկուան լրագրողական եռուզեռը եւ թէ՛ առհասարակ որոշ ժամանակէ ի վեր լիբանանեան տպագիր, ելեկտրոնային, ձայնասփիւռային եւ հեռատեսիլային կայաններու վրայ հայկական գործօնին եւ Դաշնակցութեան ընտրաքաղաքական դիրքորոշումներուն վերաբերող լրատուութիւնները, մեկնաբանութիւններն ու վերլուծումները կ’ընդգծեն դիտարժան կարգ մը մտածումներ, որոնք լոյսին պէտք է բերել այս առիթով։
Դաշնակցութիւնը լիբանանեան հանրային կարծիքին համար կը տիրապետէ կայուն, նորոգուող ընտրազանգուածի մը, որ տասնամեակներու ժամանակի վրայ երկարող աւանդութեան վերածած է Դաշնակցութիւն-լիբանանահայ համայնք կապին անքակտելիութիւնն ու անսասանութիւնը։ Որեւէ ճեղք կամ խրամատ յառաջացնելու փորձերը պարզապէս ապարդիւն ճիգեր են այդ ամբողջութիւնը տեղէն շարժելու։ Փաստացի տուեալները ընտրական հանգրուանէ ընտրական հանգրուան համոզիչ ձեւով կը վերահաստատեն այս ճշմարտութիւնը։
Ընտրական դաշինքներու տարբեր հաւանականութիւններու տեսանելիութիւնը եւ այդ առումով մեկնաբանական բազմաթիւ յօդուածներու հրապարակումը կ’ենթադրեն, որ ենթահող չէ գտած այն քարոզարշաւը, որ կանխորոշման ազդակով կամ ինքնուրոյնութեան անկարելիութեամբ կ’ուզէ տեսնել Դաշնակցութեան կարգավիճակը։ Իսկ նման հնարաւոր քաղաքական բեմագրութիւններու ներկայացումն ու վերլուծումը միայն մամուլի հրապարակումներու չեն վերաբերիր։ Քաղաքական զանազան կողմերէ Դաշնակցութեան նկատմամբ կատարուած յայտարարութիւնները փաստօրէն բաց դռներ ձգելու քաղաքական մօտեցումները կը շեշտեն։ Ինչ որ հիմնովին կը շրջէ արդէն Դաշնակցութիւնը լծակից, կցորդ կամ հետեւորդ կարգավիճակով տեսնել եւ ներկայացնել ուզող քաղաքական կարգ մը շրջանակներու քարոզչական մարտավարական խաղը:
Դաշնակցութեան պաշտօնական յայտարարութիւններու առանցքային բաժինները միշտ շեշտած են ու կը շարունակեն շեշտել, որ հայկական գործօնը հետեւողականօրէն ձեւաւորած է ու կայացուցած լիբանանեան քաղաքական բեմին վրայ գործող քաղաքական բոլոր ուժերուն եւ կազմակերպութիւններուն հետ առողջ, բնականոն եւ կառուցողական յարաբերութիւններ մշակելու վարքագիծը։ Վարքագիծ, որ կ’առաջադրէ ոչ միայն լիբանանահայութեան, այլ նաեւ ամբողջ լիբանանցի հասարակութեան անվտանգութիւնը։
Ցնցումները, դժուարին եւ ճգնաժամային հանգրուանները յաղթահարուած են արդէն եւ Տոհայի համաձայնական մթնոլորտով երկիրը կը թեւակոխէ նոր հանգրուան՝ դէպի համագործակցութիւն, համախոհութիւն եւ բարգաւաճում նայող։ Պէտք է բացառել լարուածութիւններն ու բեւեռացումները, ընդհարումներն ու խափանումները եւ իրողական արդար ներկայացուածութեան հիման վրայ պէտք է վերակայացնել միջհամայնքային համակեցութիւնը, որ անշրջանցելի նախապայման է փոխշահաւէտ համագործակցութիւններու համար։
Քաղաքական այս առաջադրանքներով է, որ Դաշնակցութիւնը լիբանանցի հասարակութեան ներկայացուց իր թեկնածուները, որոնք յանձնառու են միասին թէ՛ Լիբանանին եւ թէ՛ համայնքին համար առաջ տանելու Դաշնակցութեան դաւանած այս սկզբունքները։
Իբրեւ քաղաքական միաւոր, Հայկական երեսփոխանական պլոքի վերականգնումի առաջադրանքը պիտի ըլլայ մեկնակէտը այս երթին։ Այս վերականգնումը, որ անտեղիտալի հրամայական է, գործնականացման համար պէտք ունի մեր նեցուկին, աշխարհով տարածուած լիբանանահայութեան զօրակցութեան։
7 Յունիսը առաջադրուած վերականգնման հետ լիբանանահայութեան ժամադրուած թուականն է։