Կառավարութեան Հինգշաբթի օրուան նիստին որոշումը՝ պետական ծախսերուն մէկ մասը չորրորդ եռամսեակին յետաձգելու ուղղութեամբ, հիմնուած էր հարկային մուտքերու ահազանգային վիճակի տուեալներուն վրայ:
Ծախսերու յետաձգման այլ ոչ կրճատման որոշում առնելով՝ կառավարութիւնը կը փորձէ լաւատես երեւիլ կամ ձեւանալ, հաւանաբար կանխելու համար խուճապային տրամադրութիւնները:
Վիճակը սակայն իսկապէս ահազանգային է:
Առաջին երկու ամիսներուն հարկային մուտքերը եղած են նախատեսուածէն, աւելի ճիշդը՝ պիւտճէին մէջ նկատի առնուած չափերէն շատ պակաս: Անցեալ տարուան համեմատ այս պակասը 14.6 տոկոս է կամ 14.4 միլիառ դրամ: Սակայն եռամսեակի վրայ տարածելու հաշուարկով, եթէ կացութիւնը մնայ նոյնը (որեւէ նշան ալ չկայ հակառակը ապացուցելու), այս տոկոսը կրնայ բարձրանալ ու հասնիլ մինչեւ 35 տոկոս: Ներկայ դրութեամբ, արձանագրուած չոր թիւերը ցոյց կու տան, որ՝ «2009ի Յունուար-Փետրուար ամիսներին պետական պիւտճէ մուտքագրուած հարկերն ու տուրքերը կազմել են շուրջ 67.6 միլիարդ դրամ եւ 45.1 տոկոս ով ապահովել եռամսեակային ծրագիրը»:
Հայաստանի մեծագոյն 320 ընկերութիւններու Յունուար ամսուն վճարած հարկերն ու տուրքերը, անցեալ տարուան նոյն ամսուան հետ բաղդատած՝ նուազած են վաթսունէն ութսուն տոկոսով:
Եթէ անպատասխանատուութեամբ շարժէր, կառավարութիւնը հաւանաբար կրնար պահել ծախսերու նոյն մակարդակը, պարզապէս նուազած եկամուտները փոխարինելով միջպետական կամ ներքին պարտքերու կուտակումով: Սակայն, վիճակի ծանրութիւնը նկատի առնելով, ինչպէս նաեւ տակաւին հետագայ բարելաւման նշանները չնկատելով՝ կառավարութիւնը որոշած է իր ծախսերն ալ գրեթէ նոյն համեմատութեամբ պակսեցնել:
Կառավարութիւնը կրնայ որոշ ծախսեր պակսեցնել, ինչպէս Հինգշաբթի օրուան նիստին որոշած է արդէն, որ կրնայ նոր ինքնաշարժներ չգնել իր նախարարներուն կամ բարձրաստիճան այլ պաշտօնատարներուն համար, որ կրնայ գրասենեակային իր կահոյքները քիչ մը աւելի մաշեցնել՝ նախքան զանոնք նորերով փոխարինելը, որ կրնայ նոյնիսկ որոշ բաժիններու մէջ պաշտօնեաներու կրճատումներ կատարել, կրնայ որոշ ծրագիրներ յետաձգել կամ նոյնիսկ ջնջել, սակայն, այնուամենայնիւ, կան որոշ ծախսեր, որոնց դպչիլ եւ զորս նուազեցնել չի կրնար Հայաստանի կառավարութիւնը:
Առաջին հերթին, անշուշտ, այդ ծախսերը կը վերաբերին պաշտպանութեան ծրագիրներուն, բանակին: Ատրպէյճանի առաւել ռազմականացման լոյսին տակ, Հայաստան պարտաւոր է պահել իր մարտունակութեան մակարդակը որոշ պարագաներու, գոնէ համեմատական չափով՝ քայլ պահել հակառակորդի զինավառութեան հետ:
Այլ ոլորտներ՝ կրթութեան, ընկերային ապահովութեան, նոյնքան կարեւոր են եւ անյետաձգելի:
Այս պայմաններուն տակ, հետաքրքրականը այն է, որ Հայաստանի կառավարութիւնը, յանձինս սփիւռքի նախարարութեան, իր ոչ մէկ ծրագիրը զեղջելու մասին կը մտածէ: Ընդհակառակը, տակաւին երէկ նախարարութեան կից ատեանը ելեկտրոնային նոր թերթ եւ «Սփիւռքի Այգի» ստեղծելու մասին որոշումներ կայացուցած է: Ի՞նչ միջոցներով: Վստահաբար ամավարկէն դուրս միջոցներ ալ պիտի փնտռուին այս եւ միւս ծրագիրներուն համար: Կարեւորը այն է, որ կառավարութեան համար Սփիւռքը, նոյնիսկ տնտեսական այս ծանր պայմաններուն տակ, առաջնահերթութեան արժանի օրակարգ է:
Յամենայնդէպս, ձմրան ամիսները անցան ու գարունը միշտ իրեն հետ լաւատեսութիւն բերելու շնորհքը ունի…: