Որքան ալ հեղինակաւոր ու անզիջող հնչէ շատերու վերապահութիւնը հայերէնի միասնական՝ Մեսրոպեան դասակա՛ն ուղղագրութիւնը այլեւս վերականգնելու կոչերուն նկատմամբ, այսուհանդերձ, ազգովին դէմ յանդիման կանգնած ենք աւելի քան 87 տարուան վաղեմութիւն ունեցող այս կնճռոտ, այլ փշոտ հարցին համազգային ու վերջնական լուծում տալու մարտահրաւէրին։
1922ին Հայաստանի խորհրդային նորահաստատ իշխանութիւնները շատ լաւ գիտէին, թէ ի՛նչ կ՚ընէին, երբ այդպէս՝ 4 Մարտին հրապարակուած հրամանագիր «դեկրետ»ով մը, պետականօրէն ու պաշտօնապէս հանրապարտադիր կը հռչակէին հայերէնի նոր ուղղագրութիւն մը։
Սկզբնապէս «աբեղեանական» յորջորջուած, աւելի ուշ «հայաստանեան» անուանուած եւ այսօր արդէն «պոլշեւիկեան» նկատուող այդ ուղղագրութիւնը, նոյնիսկ եթէ լեզուաբանական եւ գիտական առումով հիմնաւոր նախադրեալներ ունէր, այսուհանդերձ, պետականօրէն պարտադրուելով, էապէս եւ գերազանցապէս քաղաքական քայլ մը եղաւ։ Պառակտի՛չ քայլ մը, որուն միջոցաւ խորհրդային ամբողջատիրութիւնը արմատական հարուած հասցուց հայ ժողովուրդի ազգային միասնականութիւնը վերականգնելու ճիգերուն, նուիրագործելով խզումը հայութեան հայրենաբնակ եւ տարագիր թեւերուն միջեւ, արեւելահայութեան եւ արեւմտահայութեան միջեւ, արեւմտահայերէնի եւ արեւելահայերէնի միջեւ։ Օրին իսկ բուռն եղաւ ընդդիմութիւնը «սխալագրութիւն» խարանին արժանացած «դեկրետային» այդ ուղղագրութեան դէմ։ Ոչ միայն սփիւռքի տարածքին ազգային–քաղաքական անհաշտ պայքար ծաւալեցաւ ազգային մեր միասնականութեան սպառնացող վտանգին դէմ, այլեւ նոյնինքն Խորհրդային Հայաստանի մէջ գիտական ազդու ընդդիմախօսութիւն թափ առաւ նորամոյծ ուղղագրութեան նկատմամբ։
Այլապէս ու ամէն պարագայի հայոց լեզուի եւ գրականութեան հսկաներէն հանդիսացող Մանուկ Աբեղեանի լեզուագիտական հիմնաւորումներու չարաշահումով յառաջ քշուեցաւ «դեկրետ»ի ուղղագրութեան պարտադրումը լենինեան ձեռնասուններուն կողմէ։ Մինչ Աբեղեանին կը յուզէր հայերէնի ուղղագրութիւնը պարզացնելու՝ «ինչպէս կը հնչենք, այդպէս ալ գրենք»ի տրամաբանութիւնը, խորհրդային նորահաստատ իշխանաւորներուն դիտաւորութիւնները հիմնովին այլ էին, պոլշեւիկեան դաւանամոլական ներշնչում ունէին, հայ ժողովուրդէն իր ազգային–պատմական յիշողութիւնը խլելու ծանրագոյն յանցագործութեան կը միտէին։ Միայն այդ ճամբով խորհրդայինները ի վիճակի պիտի ըլլային Հայաստանն ու հայութիւնը երկաթէ վարագոյրով խզելու Երկիր Հայաստանէն ու տարագիր հայութենէն, որպէսզի ամբողջապէս համարկէին եւ ձուլէին խորհրդային բազմազգ «հայրենիք»ի ու «ժողովուրդ»ի խառնարան–կաթսային մէջ։
Նորելուկ ուղղագրութեան պաշտպանութեան եւ հիմնաւորումին համար խորհրդայիններու ծաւալած ամբոխավարութիւնը, անշուշտ, առատօրէն օգտագործեց «ժողովրդային կրթութիւն», «գրաճանաչ հասարակութիւն» եւ «ժոովրդական մշակոյթ» հաստատելու, տարածելու եւ «զարգացնելու» կարգախօսները։ Ամբոխավարական այդ աղմուկին մէջ, խորհրդայինները մէկ կողմէ ծայրայեղ կամակորութեամբ առաջ տարին նոր սերունդին միայն իրենց ուղղագրութիւնը սորվեցնելու տենդագին աշխատանքը՝ ընթերցող հասարակութիւնը նոր ուղղագրութեամբ տպագրուած գիրքերու հեղեղին տակ առնելով, իսկ միւս կողմէ անվարան դիմեցին ամէնէն բիրտ միջոցներով հալածանքի, բանտարկութեան եւ մինչեւ իսկ սպանութեան քայլերու, որպէսզի լռութեան մատնեն պաշտօնական ուղղագրութեան ընդդիմախօսները։
«Եղէգները չխոնարհուեցին» սակայն։ Պոլշեւիկեան ուղղագրութեան դէմ հայրենի մտաւորականութեան խիզախ ներկայացուցիչները պարբերաբար բարձրացուցին բողոքի իրենց ձայնը, կրկին հալածուեցան, բայց եւ այնպէս Մեսրոպեան դասական ուղղագրութեան վերականգնման դրօշը ձեռքէ ձեռք փոխանցեցին։ Մինչեւ որ 1980ականներու համեմատաբար ազատ պայմաններուն մէջ, Ռաֆայէլ Իշխանեանի եւ Հենրիկ Յարութիւնեանի հեղինակութեամբ մտաւորականներ ազգային այժմէական հարցերու օրակարգին գլուխը վերստին բերին հայերէնի միասնական ուղղագրութեան վերականգնման անհրաժեշտութիւնը։
87 տարին, անշո՛ւշտ, շատ–շատ երկար ժամանակ է եւ պոլշեւիկեան ուղղագրութեամբ ամբողջ սերունդներ թրծուած են ու հրատարակչական հարուստ ժառանգութիւն կուտակուած է։ Մէկ օրէն միւսը կարելի չէ գիծ քաշել այդ բոլորին վրայ եւ… զերոյէն վերսկսիլ։ Բայց Հայաստանի վերանկախացումով եւ հայոց ազգային պետականութեան վերականգնումով սկսած հայ ժողովուրդի մերօրեայ երթը չի կրնար ազգային միաւորման ուղղութեամբ հիմնարար քայլեր նետել, եթէ ազգային համաձայնութեան նոր տարազը չհամախմբէ մեր ժողովուրդին բոլոր զաւակները՝ Հայոց Պետական Տան միաւորող կռուանին շուրջ։
Միաւորում՝ Միացեալ ու Ամբողջական Հայաստանի տեսլականով, որուն ժողովրդային ու համազգային ընկալման ու հետապնդման համար, առաջնահերթաբար պէտք ունինք հայերէնի միասնական ուղղագրութեան վերականգնումին։ Ազգովին կրնա՛նք գտնել 4 Մարտ 1922ի չարաբաստիկ «դեկրետ»ին ուղղագրութիւնը խորհրդային անցեալին մէջ թաղելու ուղիղ ճանապարհը։
Կը բաւէ, որ առաջնորդուինք ազգային ու պատմական մեր յիշողութիւնը լիարժէք վերականգնելու հրամայականով։
«Ազատ Օր»