ԵՐԵՒԱՆ, «Արմռատիօ».- Արժոյթի միջազգային հիմնադրամի (ԱՄՀ) կառավարիչ Տոմինիք ՍթրոսՔան կոչ ըրած է հիմնադրամի խորհուրդին, որ ան իր այսօրուան նիստին հաստատէ Հայաստանին 540 միլիոն տոլարի 28 ամսեայ վարկ տրամադրելու առաջարկը։ Հայաստան դիմած էր ԱՄՀի օգնութեան, երբ իր պաշտօնական պահուստները նուազած էին 24 տոկոսով, եւ 2009ի Յունուարի վերջի դրութեամբ, կազմած էին 1.26 միլիառ տոլար՝ 2007ի վերջաւորութեան 1.66 միլիառ տոլարին դիմաց:
Հայաստանի Կեդրոնական դրամատունը անցեալ տարուան ընթացքին շուրջ 360 միլիոն տոլար ծախսած էր՝ դրամի փոխարժէքը ամերիկեան տոլարին նկատմամբ 305ի մակարդակին վրայ պահելու համար: Կեդրոնական դրամատունը հիմա թոյլ կու տայ փոխարժէքի աւելի մեծ տատանումներ եւ կ’ակնկալէ, որ դրամը պիտի տատանի 370 դրամ/տոլար մակարդակի շուրջ:
ԱՄՀի վարկային ծրագրին մաս կը կազմէ դրամատուներուն աջակցութիւնը, հնարաւորութիւն տալով անոնց չէզոքացնելու դրամի արժեզրկման վնասակար հետեւանքները, դրամատնային համակարգի վարկերու ընդհանուր ծաւալի 38 տոկոս ը արտարժութային (օտար դրամանիշերով) վարկերու առկայութեան պայմաններու պատճառով: