Չորեքշաբթի առաւօտ Մոնթեպէլլոյի «Մեսրոպեան» վարժարանի աշակերտները այցելեցին «Հորիզոն»-«Ասպարէզ» հաստատութիւն:
«Ֆերահեան»ի աշակերտները այս տարեշրջանի առաջին այցելուներն էին: Անոնցմէ ետք եկան «Շամլեան»ցիները:
Երկրորդական բարձր դասարանի թէ միջնակարգ ութերորդ դասարանի աշակերտներ, երկու տարիքային խումբերու պարագային ալ, անկախ իրենց համրանքէն («Շամլեան»ը բաւական մեծ բանակով եկած էր), իրենց քաղցր չարութեամբ, իրենց զգաստացնող ձանձրոյթով, իրենց անհանգիստ ու պրպտող հետաքրքրութեամբ, իրենց ծիծաղով եւ կեանքոտ աղմուկով, թարմացնող ազդեցութիւն կը թողուն մեր վրայ:
Վերջին երկու պարագաներուն՝ «Շամլեան»ի եւ «Մեսրոպեան»ի աշակերտներուն, փորձեցինք զանոնք ձեւով մը մասնակից դարձնել մեր աշխատանքներուն, ու անոնց ընդմէջէն անմիջականութիւն մը ստեղծել հայ աշխարհի իրականութեան եւ իրենց միջեւ:
«Շամլեան»ի աշակերտներուն ներկայացուցինք մեր այդ օրուան լուրերու բոլոր վերնագիրները եւ իրենց հրաւիրեցինք ընտրելու այդ բոլորէն՝ առաջին էջի վրայ դրուելու արժանի հինգը կամ վեցը:
«Մեսրոպեան»ցիներուն պարագային, իրենց ներկայացուցինք միայն օրուան 11 լուրեր, որոնցմէ երկուքը միայն, մեր գնահատումով, առաջին էջի նիւթ էր:
«Շամլեան»ցիները իրենց պատասխանները յաջորդ օրերուն իրենց ուսուցիչին պիտի յանձնէին:
«Մեսրոպեան»ցիներէն պատասխանը անմիջապէս պահանջեցինք: Անոնց առջեւ նաեւ դրինք տպագրական վրէպները գտնելու խնդիրը: Գտան, բոլորը, եւ ոչ միայն մէկ կամ երկու հոգի: Խումբ մը, որուն առանձին նկարեցինք եւ այդ նկարը, այլոց հետ, կը հրատարակենք մեր այսօրուան թիւով (Տես էջ 9): Մեծ թիւով «Մեսրոպեանց»իներու առնուազն մէկ վերնագիրը մեր ընտրութեան հետ կը համապատասխանէր: Սակայն երկրորդ ընտրութիւններն ալ, իւրաքանչիւրը կրնար իր տեսակէտէն հիմնաւորել եւ անոնք ճիշդ կ’ըլլային հաւանաբար:
Կարեւորը, այս պարագաներուն այն էր, որ աշակերտները օրուան լուրերը լսեցին, լուրերու ներկայացման շեշտերէն հաւանաբար զգացին անոնց կարեւորութեան աստիճանը, հաղորդակից եղան հայ կեանքի այդ օրուան կարեւորագոյն իրադարձութիւններուն, մասնակցեցան անոնց գնահատման գործընթացին:
«Հորիզոն»-«Ասպարէզ» ընտանիքին համար հաճելի էին այս այցելութիւնները, եւ կը սպասենք ուրիշներու: Թէ իրենք՝ աշակերտները, ինչպէ՞ս կը գնահատեն զանոնք, պէտք է հարցնել ընկերացող ուսուցիչներուն եւ օրուան վերջը աշակերտներու օրով ամէնէն աւելի շահագրգռուած, անոնց օրուան մասին մանրամասն զեկուցում ստացող իրենց ծնողներուն: