ԼՂՀ նախագահ Բակօ Սահակեան Ստեփանակերտի Սպայի տան մէջ Փետրուար 27ին հանդիպում ունեցած է Արցախի պետական համալսարանի ուսանողներուն հետ, եւ կրկին անդրադարձած է կաշառակերութեան խնդիրին՝ ինչպէս պետական համալսարանին մէջ, այնպէս ալ հանրապետութեան տարբեր ոլորտներուն մէջ:
«Պէտք է խօսենք ճշմարտութեան լեզուով: Եթէ այսօր չխօսենք այն խնդիրների մասին, որոնք խոչընդոտում են մեր պետութեան զարգացմանը, ապա հետագայում ունենալու ենք աւելի վատթար վիճակ, քան այսօր է», ըսաւ նախագահը իր խօսքին մէջ, ապա անդրադարձաւ արատաւոր այլ երեւոյթներու, որոնցմէ յիշեց, թէ երիտասարդ մասնագէտներու աշխատանքի տեղաւորման գործը չ’ընթանար յստակ սկզբունքներով, այլ պետական այրերու կողմէ՝ «Ծանօթ-բարեկամ»ի մտայնութեամբ:
Հաւաստելով, որ պետութիւնը ներկայիս ամէն ինչ կ’ընէ արատաւոր երեւոյթներու վերացման ուղղութեամբ՝ նախագահը յիշեցուց նաեւ, որ որոշ յաջողութիւններ արդէն իսկ արձանագրուած են այդ մարզին մէջ. ապացոյցը՝ իրաւապահ մարմիններու եւ դատաիրաւական համակարգի գործունէութեան վերափոխումն է: