ԹԵԳՐԱՆ.- Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 15, 2008ին Թեհրանի Ազատ համալսարանի Օտար լեզուներու բաժանմունքի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ բանաստեղծական երեկոյ մը, որուն ընթացքին գրողներ ու դասախօսներ ելոյթ ունեցան իրենց հայերէն, պարսկերէն, ֆրանսերէն, անգլերէն ու գերմաներէն ստեղծագործութիւններով եւ թարգմանութիւններով:
Հայ գրականութեան բաժինով, նախ հրաւիրուեցաւ բանաստեղծ Վարանդ, որ ելոյթ ունեցաւ հայերէն ու պարսկերէն լեզուներով: Ապա դոկտ. Անդրանիկ Սիմոնեան ընթերցեց իր թարգմանութիւններէն մաս մը, իսկ երիտասարդ բանաստեղծուհի Շարիս Աբգարեան ընթերցանութիւն կատարեց իր գրութիւններէն:
Երեկոյին ներկայ էին Իրանի վարչապետը, համալսարանական դասախօսներ ու մեծ թիւով ուսանող-ուսանողուհիներ: