ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թուրք ծայրայեղ ազգայնամոլներու «Էրկէնէքոն» ահաբեկչական կազմակերպութեան հարցով Անգարայի զանազան վայրերուն մէջ երեւան հանուած զէնքերը ճամբայ բացած են վախազդու մեկնաբանութիւններու։ Նախ Իպրահիմ Շահինի համակարգիչէն գտնուած տեղեկութիւններով երեւան հանուեցաւ վայր մը, ուրկէ առատ քանակութեամբ զէնք գտնուեցաւ։ Վաստակաւոր գնդապետ Մուսթաֆա Տէօնմէզի Սափանճայի տան մէջ եւս 22 ձեռնառումբ գտնուեցաւ, իսկ նոյն բնակարանին մէջ գտնուած գծանկարներու հիման վրայ պեղումներ կատարուեցան Սինճանի շրջակայքին մէջ, եւ հոնկէ ալ գտնուեցան մեծ քանակութեամբ զէնք ու զինամթերքներ։
Թուրքիոյ գաղտնի սպասարկութեան նախկին վարիչներէն Ճէվատ Էօնէշ յայտնեց, թէ ասիկա պարզ հրոսախումբի մը գործունէութիւնը չէ, այլ խնդրոյ առարկայ է իշխանութիւնը ապօրէն ճամբաներով տապալելու եւ փորձ՝ այլ իշխանութիւն մը գործի գլուխ բերելու։
Միջազգային հետազօտութիւններու խորհուրդի նախագահ Սէտատ Լաչինէր եւս ըսաւ, որ 1960ի պետական հարուածէն ետք Թուրքիոյ զինուորական կարգերու մէջ կազմաւորուած են հրոսախմբային յանցագործութեան խմբակներ, եւ բանակը հիմա պէտք է մաքրէ այս կառոյցները։ «Հիմա յիսուն տարուան աղտը պիտի մաքրուի: Ձերբակալուածներուն միջեւ շատ նշանաւոր մարդիկ կան, թերեւս դեռ ուրիշներ պիտի ձերբակալուին։ Ասիկա բնական է, որովհետեւ պետական հարուածները կը պատրաստուին նշանաւոր մարդոց կողմէ։ Փողոցի մարդը չէ, որ պետական հարուած պիտի իրականացնէ։ Իրականութիւնը այս խնդիրով զբաղող դատախազներուն երեւակայածէն անդին անցնիլ սկսած է։ Ո՛չ մէկը նախատեսած էր, որ այսքան շատ զինանիւթ երեւան պիտի հանուէր», ըսաւ Լաչինէր։