Երեսուն տարի գիրքերու աշխարհի մէջ: Երեսուն տարի ապրիլ, շրջապատուիլ, աշխատիլ, ծրագրել, երազել, ընտանիք պահել, մեծցնել գիրքերով, գիրքերով, գիրքերով:
Յարութիւն եւ Նուպար Երէցեան եղբայրները, իրենց կիներով միասին, երեսուն տարի առաջ, Հոլիվուտի մէջ բացին իրենց ընտանեկան ձեռնարկը, «Ապրիլ» գրախանութը:
Նուպարի մահէն ետք, Յարութ շարունակեց գործը, իսկ հիմա, ան իր կողքին ունի նաեւ Արինը՝ իր զաւակը:
Արին միշտ շարժումի մէջ էր: Առիթը օգտագործելով՝ Յարութին հետ կը խօսինք անցեալէն, իր մասին:
Հայաստան ուսած է Յարութը: Պէյրութի «Յովակիմեան-Մանուկեան»էն շրջանաւարտ ըլլալէ ետք, 1963ին գացած է Երեւան ու մէկ տարի յաճախած է Ճարտարագիտական բաժին, որմէ փոխանցուած է թատերական հիմնարկ: Ուզած է շարժապատկերի ճիւղին մէջ մասնագիտանալ, սակայն նման բաժին չըլլալու պատճառաւ, մտած էր թատերական բաժին:
1969ին աւարտելով ուսումը՝ վերադարձած է Պէյրութ, ուր Լութֆիկ Թապաքեանի եւ Օննիկ Գանթարճեանի հետ հիմը դրած է Վարդան Աճէմեան թատերախումբին:
Նկատի առէք ժամանակները: Յառաջդիմական երիտասարդներ, որոնք Հայաստան ուսում առնելու առիթը ունեցած են եւ վերադարձած իրենց համայնքին մէջ ծառայելու:
Յարութ կը յիշէ, որ Պէյրութի հայ թերթերէն իրենց ամէնէն առաջին եւ ամէնէն սրտով խրախուսողը եղած է դաշնակցական «Ազդակ»ը:
Ամերիկեան ափեր ոտք կոխած են 1976ի Օգոստոսին, երբ Արին հազիւ քանի մը ամսական էր: Յաջորդ տարի տպարան մը բացին Նուպարին հետ եւ հաղորդակից ըլլալով համայնքի գրքասէր հասարակութեան հետ՝ նպատակայարմար գտան գործը ընդարձակել ու գրախանութ մը հիմնել: Այդպէս ալ ըրին: Երեսուն տարի առաջ բացին հայկական առաջին գրախանութը արեւմտեան այս ափին: Վարդերես Գարակէօզեան մեծապէս օգնած է իրենց այս ծրագրի իրականացման: Ան «Մէժտունարոտնի Քնիկա»ի (խորհրդային համամիութենական, արտասահմանեան կազմակերպութիւններու գիրքեր մատակարարող կառոյցին) հետ լաւ կապեր ունէր եւ իր միջնորդութեամբ, «Ապրիլ»ի տղաքը հնարաւորութիւն ունեցան հայերէն գիրքեր բերելու Հայաստանէն ու իրենց գրախանութին մէջ վաճառելու:
Սկզբնական շրջանին, գրախանութը բացարձակ մեծամասնութեամբ հայերէն գիրքեր կը վաճառէր, որովհետեւ այդ ժամանակ պահանջքը մեծ էր: Խրախուսողներն ալ իրապէս շատ էին: Յարութ երախտագիտութեամբ կը յիշէ Խաչիկ Արարատեանը, Յակոբ Պօղոսեանը («Պեխ»ը), որոնք միշտ քաջալերած են զինք եւ ոգեւորած, միշտ գիրքերու պահանջներ դրած իրենց առջեւ: Հանգուցեալ «Պեխ»ին գրադարանը մեծ հռչակ ունի մեր գաղութին մէջ: Գրադարանը տակաւին պահպանուած է, ըստ Յարութին:
Ժամանակի ընթացքին, հայերէն գիրքերու պահանջը պակսած, իսկ անգլերէնով հայկական նիւթերու շուրջ, հայ գրողներու անգլիատառ գրականութեան, պատմութեան, մշակոյթի ու արուեստի գիրքերու պահանջը աւելցած է: Հիմա այլեւս, գրախանութին մէջ զգալի է անգլերէն գիրքերու գրաւած տեղի կարեւոր համեմատութիւնը: Փիթըր Պալաքեան, Մարք Արաքս, Խտրեան, Քէյ Մուրատեան, այլ ամերիկահայ գրողներու գործերը բաւական լաւ կը վաճառուին: Լեզու սորվեցնող գիրքերը, տեսաերիզներ (Ռոճըր Քիւբէլեանի «Մութ Անտառ»ը, Փարաճանովի շարժանկարներու խտսալիկները փնտռուած են), ձայնապնակեր, մանաւանդ մանկական գրականութիւն:
Դժբախտաբար, ըստ Յարութին, անգլիագիր հեղինակները եւս իրենց ստեղծագործութեան շնորհիւ բարօր կեանք ապահովելու դժուարութիւն ունին: Փիթըր Պալաքեանն է, հաւանաբար, որուն «Այրուող Տիգրիս»ը գիրքը «Պէսթ Սելլըր» եղած է եւ հաւանաբար կոկիկ գումար ապահոված է հեղինակին:
Գրախանութը պարզ վաճառատուն չէ, անշուշտ: Յարութին նման անձ մը այդքանով պիտի չբաւարարուէր: Հրատարակչական աշխատանքը շարունակուած է: «Ապրիլ»ի հրատարակութեամբ տարին մէկ գիրք լոյս տեսած է: Ան ունի իր սէրերը, օրինակ Գրիգոր Պըլտեանի հանդէպ տկարութիւն ունի, ուստի, իր եւ «Համազգային»ի մասնակցութեամբ, նախաձեռնած է անոր քանի մը գործերու հրատարակութեան:
«Ապրիլ»ը մշակութային օճախ դարձնել եղած է իր նպատակը: Արինը քայլ մը անդին կը տանի այդ միտքը եւ յաւելեալ, երիտասարդական աշխուժութիւն կը մտցնէ գործին մէջ: Արին ինք շարժապատկերի աշխարհն է: Կարծես իր հօր նախասիրութիւնը զինք ալ հրապուրած է: Արդէն ունի քանի մը գործեր եւ իր այդ ուղղութեամբ հետաքրքրութիւնն ու աշխատանքը կը շարունակէ: Սակայն, հիմա կեդրոնացած է «Ապրիլ»ի վրայ եւ կ’ուզէ նոր ծրագիրներ իրականացնել: Վաւերագրական ժապաւէն մը պատրաստած է շատ իւրայատուկ անձնաւորութեան մը՝ Ժիրայր Զորթեանի մասին:
Գրախանութը քսան տարի Հոլիվուտի մէջ գործելէ ետք, շուրջ տասը տարի առաջ փոխադրուած է Կլէնտէյլ:
Հիմա երեսուն տարեկան է «Ապրիլ»ը եւ նշելու համար իր երեսնամեակը, գլխաւորաբար Արինի նախաձեռնութեամբ, կազմակերպուած է «Ապրինք» խորագրուած երկօրեայ փառատօն մը, որ տեղի պիտի ունենայ Նոյեմբեր 22-23ին, Կլէնտէյլի հանրային գրադարանի սրահին մէջ, որուն հասցէն է՝ 222 E. Harvard St., Glendale, CA 91205: Այս շաբաթավերջի ընթացքին կազմակերպուած են մշակութային բազմապիսի միջոցառումներ, երգ, պար, գրականութիւն, թատրոն, հեղինակային ընթերցումներ:
Գրքերու աշխարհը կենդանի, կենսալի աշխարհի վերածելու Արինի առաջադրանքն է, որ կ’իրագործուի ու հետագային, այլ ձեւերով պիտի շարունակուի:
Կեանք մը ամբողջ՝ գիրքերով: Յարութ գոհ է իր անցած ճանապարհէն: Արինն ալ հաւանաբար հաղորդուած է նոյն սիրով, նոյն ոգիով եւ ինքնավստահ է, որ կրնայ կեանքը ապահովել այդ աշխարհին մէջ ապրելով՝ «Ապրիլ»ով:
«Ապրիլ» գրախանութի հասցէն է 415 E. Broadway Ave.5, Suite 102: Հեռաձայնի թիւը՝ (818) 243-4112, իսկ կայքէջը՝ www.abrilbooks.com: