Ռազմավարական եւ ազգային հետազօտութիւններու հայկական կեդրոնին 15ամեակին առիթով, Հոկտեմբեր 26ին, Գրիգոր եւ Մարլին Պզտիկեաններու բնակարանին մէջ տեղի ունեցած հաւաքի մը ընթացքին 100,000 տոլար հաւաքուեցաւ կեդրոնին ապագայ գործունէութեան ի նպաստ:
Հաւաքին ներկայ էր կեդրոնին հիմնադիր եւ Հայաստանի խորհրդարանի անդամ Ռաֆֆի Յովհաննէսեան, որ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր ներկաներուն, որոնք յատկանշական օժանդակութիւն տրամադրած են Հայաստանի՝ մանրամասնութիւններ փոխանցելով կեդրոնին վերլուծական ու ռազմավարական գործունէութեան մասին:
Ելոյթներ ունեցան ձեռնարկին կազմակերպիչ յանձնախումբէն Ալ Քապրալոֆ, Լոս Անճելըսի մօտ Հայաստանի հիւպատոս Արմէն Լիլոյեան եւ դատաւոր Զաւէն Սինանեան:
Ներկայ էին նաեւ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ զոյգ առաջնորդներուն՝ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի եւ Յովնան արք. Տէրտէրեանի, ներկայացուցիչները:
Գլխաւոր նուիրատուներն էին Զաւէն Աքեան ամոլը, Թինա Գարոլան, Տէյվիտ Յովհաննէսեան ամոլը, Ֆիլիփ Փառնակեան ամոլը, Վարդգէս Եղիայեան ամոլը, Էտի Առաքելեան ամոլը, Կէրի եւ Ճոան Պետրոսեաններ ու Ռիչըրտ եւ Վարթիթեռ Յովհաննէսեաններ: Բոլոր նուիրատուութիւններուն գումարը կրկնապատկուեցաւ բարերարի մը կողմէ, որ չէ ուզած իր անունը յայտնի դարձնել: