ԼՈՆՏՈՆ, «Ռոյթըրզ».- Նոր հարցախոյզ մը ցոյց տուաւ, որ տնտեսական ճգնաժամին դէմ Բրիտանիոյ վարչապետ Կորտըն Պրաունի որդեգրած միջոցառումները, իր ղեկավարած Աշխատաւորական կուսակցութեան դիրքը բարելաւած են։ Բրիտանական «Թայմզ» թերթին համար կատարուած հարցախոյզը ցոյց տուաւ, որ Աշխատաւորական կուսակցութիւնը նախորդ ամսուան արդիւնքէն 5 կէտի բարձրացում արձանագրելով՝ կը վայելէ քուէարկողներուն 35 առ հարիւրին զօրակցութիւնը, իսկ Պահպանողական կուսակցութիւնը չորս կէտով նահանջած է, եւ կը վայելէ քուէարկողներուն 41 առ հարիւրին զօրակցութիւնը։ Ազատական ժողովրդավարները կը վայելեն քուէարկողներուն 16 տոկոսին զօրակցութիւնը։ Բրիտանիոյ խորհրդարանական յաջորդ ընտրութիւնները տեղի պիտի ունենան 2010ին։