ՊԷՅՐՈՒԹ.- Կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական քոլէճի տնօրէնութեան եւ շրջանաւարտներու համախմբումին, Երկուշաբթի, 17 Նոյեմբերի երեկոյեան, Համազգայինի Լիբանանի «Լ. Շանթ» մշակութային կեդրոնի «Գ. եւ Հ. Արմէնեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Համազգայինի «Բ. Կանաչեան» երաժշտական քոլեճի 25ամեակի նախաձեռնութիւններուն անդրանիկ ձեռնարկը եւ երաժշտական երեկոներու շարքին առաջին հանդիսութիւնը՝ Մաթիլտ-Սանտրա Չոլաքեանի դաշնակի համերգը՝ ներկայութեամբ երաժշտասէրներու, քոլէճի ուսուցիչներու, ծնողներու եւ աշակերտներու:
Ձեռնարկին բացման խօսքը արտասանեց քոլէճի տնօրէն Արմէն Քեչեկ: Ան յոյս յատնեց, որ երաժշտական երեկոները յառաջիկային կը վերածուին աւանդութեան, որպէսզի կարելի ըլլայ գաղութին մէջ մնայուն կերպով ունենալ բեմեր, ուրկէ կարելի է լսել ե՛ւ դասական, ե՛ւ հայկական երաժշտական ստեղծագործութիւններ:
Իր խօսքի աւարտին Արմէն Քեչեկ բարձրօրէն գնահատեց լիբանանահայ դաշնակահար Մաթիլտ-Սանտրա Չոլաքեանի գործունէութիւնը՝ արուեստի մարզին մէջ:
Ապա ներկաները շուրջ մէկ ժամ լսեցին Չոլաքեանի նուագներն ու բարձրորակ կատարումները՝ Պեթհովենի, Շուպըրթի եւ Պապաճանեանի ստեղծագործութիւններէն: